Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուայի Մէջ Վերսկսած են Բանակցութիւնները Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի Միջեւ

Մոսկուայի Մէջ Վերսկսած են Բանակցութիւնները Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի Միջեւ

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, թէ երէկ՝ Յունիս 2-ին, Մոսկուայի մէջ վերսկսած են բանակցութիւնները Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ։ Եռակողմ այս շփումները պիտի ըլլան շարունակական, նշած են այս գերատեսչութենէն՝ չմանրամասնելով հանդիպման յստակ օրակարգն ու մասնակիցները։

Ռուսաստանեան ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը տեղեկութիւն տարածած էր, որ Յունիս 2-ին Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպում եղած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թուլացման ուղիներու վերաբերեալ քննարկմամբ։ Ըստ հայաստանեան մամուլին՝ հանդիպման առանցքին եղած է նաեւ 8 օր առաջ հայկական տարածքէն գերեվարուած 6 հայ զինծառայողներու վերադարձի հարցը ։

Ինչպէ՞ս աւարտած են բանակցութիւնները, արդեօք յայտնի՞ է յաջորդ հանդիպման ժամկէտը, պաշտպանական գերատեսչութիւնը մանրամասնութիւններ չի փոխանցեր, հեռաձայններուն չեն արձագանգեր վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ խօսնակը եւ Գլխաւոր շտապի տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավարը։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ այս հանդիպման մասնակցած են ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար՝ Մուրատովը եւ Հայաստանի գլխաւոր շտապի պետի տեղակալը։

Արդէն 23 օր է, որ ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են հայկական տարածքներ՝ քիլոմեթրերով խորացած Գեղարքունիքի ու Սիւնիքի մարզերու ուղղութեամբ, ատրպէյճանական կրակահերթէն մէկ հայ զինծառայող սպաննուած է, 6-ը գերեվարուած են: Սահմանին պարբերաբար հայ ու ատրպէյճանցի զինծառայողներու միջեւ ձեռնամարտեր, ծեծկռտուքներ տեղի կ’ունենան, վերջինը երէկ առաւօտեան էր՝ Գեղարքունիքի մարզ: Հրազէն չէ կիրառուած, տեղեկացուցած են պաշտպանութեան նախարարութենէն: Երկու հայ զինծառայողներ թեթեւ մարմնական վնասուածք ստացած են ։

Մարզի գիւղերուն մէջ արդէն սովորութիւն եղած է ատրպէյճանական վրաններու գոյութիւնը արօտավայրերը եւ իրենց բարձունքները: Կութ համայնքի ղեկավար՝ Սիմա Չիթչեան ըսած է, որ ատրպէյճանցիները անխախտ այնտեղ են. «Նոյն տեղերում կանգնած են, նոյն դիրքերում, օրը 30 անգամ տեղանք ենք նայում հեռադիտակով, դէ անզէն աչքով հեռուի մէջ լաւ չեն երեւում, բայց հեռադիտակով նայում ենք` իրենց նոյն տեղերը, իրենց վրանները, զինուորները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment