Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միշելը Զանգահարած եւ Մաքրոն Նամակ Յղած Է Ալիեւին

Միշելը Զանգահարած եւ Մաքրոն Նամակ Յղած Է Ալիեւին

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշել, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ բանակցելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, առաջինը նամակ յղած է, իսկ երկրորդը՝ հեռաձայնած Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւին ։

Միշելը երէկ՝ Յունիս 2-ին զանգահարած է Ալիեւին։ Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը տեղադրուած հաղորդագրութեան՝ քննարկուած են 2020-ի Նոյեմբեր 10-ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու ստորագրած եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ տարածաշրջանի անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերը։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը յայտնած է Եւրոպական միութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին, երկու երկիրների միջեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրագործման։ Շարլ Միշելը կողմերուն կոչ ըրած է լիարժէք թափանցիկութեան պայմաններու մէջ համագործակցելու պահուող անձերու խնդիրներուն հետ կապուած, ականազերծման եւ մարդասիրական այլ հարցերով: Ան կողմերուն կառուցողական բանակցութիւններու կոչ ըրած է։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, թէ Ատրպէյճանը պատրաստ է բանակցութիւններ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար, սակայն այդ կոչին Երեւանը դեռ չէ արձագանգած։

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորական նամակ յղած է Իլհամ Ալիեւին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օրուայ կապակցութեամբ։ Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, կը կատարէ իր բոլոր պարտաւորութիւնները Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։ «Լեռնային Ղարաբաղի մահաբեր ռազմական գործողութիւնները դադրեցուցած 2020-ի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութենէն վեց ամիս ետք անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը կայուն խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար։ Այդ մասնաւորապէս կը նշանակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու խաղաղ սահմանազատման իրականացում եւ ռազմագերիներու վերադարձ իրենց հարազատներուն»,- նշած է Մաքրոնը՝ նաեւ խորհուրդ տալով դիւրացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան կազմակերպումը տարածաշրջանի բոլոր ժառանգութեան պահպանման համար։

Ֆրանսայի նախագահը ըսած է, որ Փարիզը պատրաստ է օգնել բարձր մակարդակի երկխօսութեան հաստատման։ Ան նաեւ համոզմունք յայտնած է, որ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հնարաւոր է հասնիլ արդար, կայուն խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարգաւաճման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment