Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Քաղաքական Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն՝ Այս Ընտրութիւնները Աննախադէպօրէն Պիտի Վերահսկուին

Ըստ Քաղաքական Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն՝ Այս Ընտրութիւնները Աննախադէպօրէն Պիտի Վերահսկուին

by MassisPost

Քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչները արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ պիտի շրջին մարզերը, որպէսզի ներկայացնեն Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Ընտրութիւններուն քսանէն աւելի ուժերու մասնակցութիւնը աննախադէպ կը համարեն:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցի համար անհասկնալի է, թէ ընտրական մրցավազքի մէջ մտած ուժերը ինչ պիտի ներկայացնեն ընտրողներուն․ – «Ես նոյնիսկ չգիտեմ 28 գաղափարական կամ հայեցակարգային էդ ինչ մօտեցումներ պէտք է ներկայացուեն, որ հանրութիւնը ընտրէ»։

Այս ընտրութիւնները կը կայանան պարզ համամասնական ընտրակարգով՝ առանց տարածքային ցուցակներու։ Լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ՝ Լեւոն Բարսեղեան կ’ակնկալէ, որ այս համակարգը վերջապէս կը բացառէ տեղական «իշխանիկներու» ու թաղային հեղինակութիւններու դերակատարումը բուն ընտրական գործընթացին վրայ:

Նախորդ արտահերթ ընտրութիւններուն արձանագրուած ժողովրդավարական առաջընթացը չի նահանջեր, կը կարծէ Արթուր Սաքունցը, պատմութեան անիւը ետ չի շրջուիր։

«Կարող է խախտումներ անեն, բայց վստահութիւնս հանրութեան վրայ շատ աւելի մեծ է, որ քաղաքացիները տուրք չեն տայ։ Ինչ որ մի հատուած կարող է, բայց տուրք չեն տայ ո՛չ կաշառքին, ո՛չ գայթակղութիւններին, եւ, ամէնից կարեւոր է մի բան՝ արդէն վախը չափած է մարդկանց, էդ վախի հասկացողութիւնը, որ վախենան, կարծիք չասեն եւ այլն, դա արդէն յաղթահարուած է, սա համարէք հիմնական եւ հիմնարար ձեռքբերում թաւշեայ յեղափոխութեան», – ընդգծեց Սաքունցը։

Լեւոն Բարսեղեան շեշտած է, որ այժմ Հայաստանի վարչական միջոցներուն միայն իշխանութիւնը չէ, որ կը տիրապետէ․ – «Վարչական ռեսուրս ասելիս մենք պիտի նկատի ունենանք ոչ միայն պետական եւ համայնքային պիւտճէների խողովակներով ֆինանսաւորուող համակարգերը, վարչական ռեսուրս պիտի համարենք նաեւ մասնաւոր ձեռնարկատիրութեան մէջ վարչական մարմնի օգտագործումը»։

Բարսեղեան կը համեմատէ 5 տարի առաջ ընդդիմութեան ու իշխանութեան տիրապետած միջոցները: Անոր խօսքով՝ հիմա տեղերով փոխուած են՝ ե՛ւ նիւթական միջոցի, ե՛ւ մամուլի առումով:

«Հիմա, երբ համեմատում ենք նախկինի հետ, տեսնում ենք, որ իշխանութիւնը տիրպետում է մէկ-երկու լրատուամիջոցի, երեք լրատուամիջոցի՝ շատ-շատ, ֆինանսատնտեսական միջոցներն անհամեմատ փոքր են, քան հաւաքական ընդդիմութեան ֆինանսատնտեսական միջոցներն են։ Ընդդիմութիւնը կամ այսպէս կոչուած ընդդիմութիւնը, տիրապետում է հեռարձակող մետիա միջոցների ահռելի ծաւալին։ Ֆինանսատնտեսական միջոցները պատահական չեմ նշում, սա ընտրակաշառքի իմաստով չէ, որ յատկանշում եմ, այլ՝ վերահսկողական միջոցների՝ վստահուած անձանց ներգրաւուելու, հազար ու մի հսկիչ գործողութիւններ իրականացնելու համար՝ առասպելական միջոցների, այսինքն, եթէ յանցագործութեան կանխավարկածը մենք բացառենք, մենք պիտի ենթադրենք, որ այս ընտրութիւնները լինելու են աննախադէպ վերահսկուող ընտրութիւններ, լաւ իմաստով վերահսկուող, երբ ընդդիմութեան մի շարք ուժեր ունեն վերահսկելու ահռելի միջոցներ», – ըսաւ Բարսեղեան։

Թէ ինչպիսին կ’ըլլայ Յունիս 20-ի ընտրութիւններու ընթացքը, Լեւոն Բարսեղեանի համոզումով, գնդակը իրաւապահներու եւ իշխանութեան դաշտն է․ – «Շատ էական է, թէ ինչ որ մի վճռական պահի, արդեօ՞ք իրաւապահ համակարգը չի որոշի աջ քաշել եւ կանգնել, տեսնել, թէ այնտեղ ինչ այլանդակութիւններ կարող են լինել, եւ հասկանալի է, որ գլխաւոր պատասխանատուն, ամէն դէպքում, գործող իշխանութիւնն է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment