Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱԿ-ը եւ «Հայաստան» Դաշինքը Արձագանգած են Փաշինեանի Հեռատեսիլային Բանավէճի Առաջարկին

ՀԱԿ-ը եւ «Հայաստան» Դաշինքը Արձագանգած են Փաշինեանի Հեռատեսիլային Բանավէճի Առաջարկին

by MassisPost

«Հողեր ազատագրած երկրորդ նախագահը որեւէ իրավիճակում չպէտք է բանավէճի մէջ մտնի մի անձի հետ, որը հողեր է յանձնում», այս խօսքերով երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեան արձագանգած է վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ առաջին եւ երկրորդ նախագահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ու Ռոպերթ Քոչարեանը հեռատեսիլային բանավէճի հրաւիրելու առաջարկին։

«Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ հանրային ընդվզումը, բողոքն այնպիսին չէ, որ պէտք է իր հետ բանավիճել, ինչ որ բան ասել կամ չասել: Խօսել մի մարդու մասին, որը այս ամէնից յետոյ ունենում էք վեց ռազմագերի հենց մեր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից ռազմագերի, դուք հասկանո՞ւմ էք դա ինչ է, ու այդ անձը մինչ օրս ոչ մի լիարժէք պատասխան դրա վերաբերեալ չի տուել, իր հետ ի՞նչը բանավիճեն», – ըսաւ Վարդեւանեան:

Ապարան քաղաքի մէջ, համակիրներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Յունիս 18-ին հեռատեսիլային բանավէճ տեղի պիտի ունենայ:

«Ես ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեանին, ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին սպասում եմ Յունիսի 18-ին կայանալիք ուղիղ եթերում բանավէճի: Այդ բանավէճի ժամանակ ամենալաւը կ’երեւայ, որովհետեւ շատ հեշտ է փակ դահլիճներում խօսել, տղամարդլամիշ լինել: Կու գաք, դէմ-դիմաց կը կանգնենք եւ կը խօսենք», – յայտարարած է Փաշինեան:

Առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի փոխնախագահ՝ Լեւոն Զուրապեան «Ազատութիւն»ի հարցին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունին վարչապետի պաշտօնակատարի առաջարկի մասին, պատասխանեց, թէ բան մը ըսած է, եւ իրենք ամէն ըսածին վերաբերեալ դիրքորոշո՞ւմ պէտք է ունենան։

Հանրային հեռուստաընկերութենէն «Ազատութիւն»ին հաղորդած են, թէ կը պատրաստուին բանավէճ կայացնել, բայց թուականը յայտնի չէ տակաւին:

Եթէ Հանրայինէն հրաւէր ստանայ, արդեօք քոնկրէս կը մասնակցի՞, բանավէճին, Զուրապեան չցանկացաւ «եթէ»-ներով հարցերուն անդրադառնալ։

«Եթէ վախենալու բան չունեն, բոլորը պէտք է ընդունեն բանավէճի հրաւէրը», – պնդած է ազգային ժողովի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Հայկ Կոնջորեան:

«Բոլորը պէտք է ընդունեն բանավէճի հրաւէրը եւ ոչ թէ գնան փակ սենեակներում ծածուկ ասուլիսներ կազմակերպեն, փակ դահլիճներում ծածուկ հանդիպումներ կազմակերպեն: Դրա համար պէտք է դուրս գալ փողոց, պէտք է շփուել մարդկանց հետ, պէտք է համպատրաստից մտնել գիւղեր եւ քաղաքներ եւ պէտք է, այո, գնալ եւ նախընտրական բանավէճի ժամանակ ուղիղի եթերով թէկուզ սուր բանավիճել քաղաքական ընդդիմախօսիդ հետ», – յայտարարեց Կոնջորեան:

Բանավէճը նախընտրական պայքարի մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչ է, ցանկալի է, որ այն տեղի ունենայ, ըսած է Երեւանի մամուլի ակումբի նախագահ՝ Պորիս Նաւասարդեան, այդուհանդերձ, աւելցնելով, որ առկայ քաղաքական մթնոլորտին մէջ բանավէճը կրնայ լեզուակռիւի հմտութիւններու մրցակցութեան ձեւափոխուի, հետեւաբար բանավէճի նախապատրաստուելու համար պէտք է յստակ կանոններ մշակուին եւ յստակ պարտաւորութիւններ վերցնեն մասնակիցները:

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի մրցակիցները բանավէճի հրաւիրելու ոճը ըստ Նաւասարդեանին՝ առկայ քաղաքական պայքարի դրսեւորում է, մարտահրաւէր կը նետուի մրցակիցներուն բանավիճելու առկայ մշակոյթով, այլ ոչ քաղաքակիրթ երկիրներուն բնորոշ եղանակով. «Դրա համար մի գուցէ արձագանքը կարելի է ակնկալելի համարել, այսինքն՝ հրաժարումը այդ կարգի բանավէճից»:

Նախընտրական բանավէճի կայացումը այս ամիս ընդունուած նոր Ընտրական օրէնսգրքով պարտադիր դարձաւ, այս փոփոխութիւնը, սակայն, Յունիս 20-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն վրայ չի տարածուիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment