Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իրանը Յոյսով Է, Որ Առաջիկային կը Կարողանայ Գործօն Ներկայութիւն Ապահովել Սիւնիքի Մէջ». Զարիֆ

«Իրանը Յոյսով Է, Որ Առաջիկային կը Կարողանայ Գործօն Ներկայութիւն Ապահովել Սիւնիքի Մէջ». Զարիֆ

by MassisPost

«Իրան յուսով է, որ առաջիկային կը կարողանայ գործօն ներկայութիւն ապահովել Սիւնիքի մէջ», այսօր՝ Մայիս 26-ին Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ՝ ընդգծելով, որ ռազմավարական երկխօսութիւն ունեցած է Հայաստանի գործընկերներուն հետ:

Իր հերթին՝ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր Իրանի հետ սահմանը ապահոված է երկրի անվտանգութիւնը, եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայ-իրանական օրակարգի բնոյթը ռազմավարական է:

Յատկանշական է, որ անվտանգութեան ոլորտի մէջ Իրանի հետ ռազմավարական օրակարգ ունենալու մասին Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը կը խօսի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային ճգնաժամի եւ Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի փաստացի անգործութեան պայմաններուն։

«Յուսով եմ, որ այս համաճարակի աւարտէն ետք մենք կը կարողանանք տնտեսական ոլորտէն ներս երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի զարգացնել։ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին, ինչպէս նաեւ Իրան-Նախիջեւան-Հայաստան երկաթուղագիծի առկայութիւնը շատ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ երկու երկիրներուն համար։ Լաւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է։ Եւ յուսով եմ՝ առաջիկային կը կարողանանք գործօն ներկայութիւն ապահովել Սիւնիքի մարզին մէջ: Սա այն կարեւորութիւնն է, որ մենք կու տանք երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Ռազմավարական երկխօսութիւն ունեցած եմ Հայաստանի գործընկերներուն հետ եւ առաջին իսկ պատեհ առիթով մեր ներկայացուցիչը, մեր բանակցողը կու գայ Հայաստան ու կը շարունակէ այդ երկխօսութիւնը», – նշած է Իրանի ԱԳ նախարարը։

Զարիֆի երեւանեան այցին նախորդած էր Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար՝ Մոհամմատ Էսլամիի գլխաւորած պատուիրակութեան եռօրեայ այցը Երեւան, ուր քննարկուած էր հայաստանեան «Հիւսիս-Հարաւ» մայր ուղիի կառուցման իրանական ընկերութիւններու ներգրաւման հարցը։ Ի դէպ, Զարիֆ այսօր նշեց, թէ Էսլամիի այցի հետեւանքով շատ արդիւնաւէտ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են ։

Կիրակի՝ Մայիս 23-ին Թեհրան մեկնեց Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ՝ Էդուարդ Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ուր Իրանի մաքսային ծառայութեան ղեկավար՝ Մեհտի Միրաշրաֆիի հետ քննարկած է Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման հարցեր։

Այսօր ընդունելով Զարիֆը՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները եւ հարեւանութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունին. «Անկախութեան առաջին տարիներից Իրանի հետ մեր ունեցած սահմանն ապահովել է մեր երկրի անվտանգութիւնը մի շարք առումներով: Ի հարկէ, երկար տարիներ մեր տնտեսական կապերը զարգացել են, յատկապէս Սիւնիքի մարզում միշտ առկայ է եղել ընդհանուր ծրագրերի շատ մեծ հետաքրքրութիւն: Մենք Մեղրիում ազատ տնտեսական գօտի ենք ստեղծել Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու համար»:

«Մի շարք հանգամանքների, այդ թւում՝ «Քորոնա» ժահրի պատճառով այդ ազատ տնտեսական գօտին դեռ բաւարար թափ չի ստացել», – շարունակեց Փաշինեան՝ նշելով, – «բայց համոզուած ենք, որ դա կարող է դառնալ մի շատ կարեւոր յենման կէտ՝ մեր յարաբերութիւնների տնտեսական հատուածի հետագայ զարգացման համար: Մենք ի հարկէ հետաքրքրուած ենք նաեւ, նախկինում էլ քննարկել ենք մեր քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններն աւելի խորացնելու հարցը: Անվտանգային ոլորտում նոյնպէս քննարկումներ ունենք, օրակարգում առկայ են որոշակի հարցեր, եւ մեր խօսակցութիւնների ու քննարկումների բնոյթը ռազմավարական է: Մենք պէտք է ջանքեր գործադրենք յաջողութեան հասնելու համար»:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս այսօր ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, ըստ նախագահականի մամլոյ հաղորդագրութեան, յայտարարելով, որ տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի պայմաններուն չափազանց կարեւոր դարձած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու առաւել խորացումը:

Առաւօտեան Զարիֆը հիւրընկալած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան, եւ այդ հանդիպման ժամանակ նոյնպէս Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած, թէ տարածաշրջանի երկիրներու միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը Թեհրանի կարմիր գիծն են։

«Մտահոգ ենք վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին տեղի ունեցած սրացումներէն։ Քանի մը անգամ զգուշացուցած ենք, որպէսզի ցուցաբերուի զսպուածութիւն եւ յարգուի երկիրներու ինքնիշխանութիւնը։ Որպէս հարեւան երկրի ներկայացուցիչ՝ իմ այս այցի նպատակն է ջանքեր գործադրել, որպէսզի որեւէ սրացման պարագային կարողանանք օգտակար ըլլալ, եւ որպէսզի նմանատիպ սրացումները լուծում ստանան։ Երէկ շատ հանգամանալից զրոյց ունեցած եմ Ատրպէյճանի մէջ, եւ այսօր շատ կարեւոր հարցերու շուրջ զրոյց ունեցած եմ ձեզի հետ։ Պիտի հանդիպինք Հայաստանի վարչապետին ու նախագահին հետ։ Յուսով եմ, որ կը կարողանանք գտնել տարբերակներ՝ վերջին ժամանակաշրջանին սրուած իրավիճակին լուծում տալու համար։ Ընդգծած ենք եւ դարձեալ ընդգծած ենք, որ միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը մեր կարմիր գիծն են», – ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։

Ուշագրաւ է, որ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս հայ-իրանական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ Զարիֆ առնուազն երեք անգամ խօսեցաւ տարածաշրջանային երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման կարեւորութեան մասին։

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ասիկա՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի երկրորդ այցն է Պաքու եւ Երեւան։ Նախորդը այս Յունուարին էր, եւ այս անգամ, նոյնպէս, Զարիֆ Պաքուէն յետոյ այցելեց Երեւան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment