Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ՀԱՊԿ-ի Գործողութիւններու Արագութիւնը Մեզ Չի Բաւարարեր». Նիկոլ Փաշինեան

«ՀԱՊԿ-ի Գործողութիւններու Արագութիւնը Մեզ Չի Բաւարարեր». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան չի բացառեր, որ կառավարութիւնը դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ` Հայաստանէն ատրպէյճանական զօրքը դուրս բերելու համար։ Այս ուղղութեամբ Հայաստանի դաշնակիցի՝ ՀԱՊԿ-ի քայլերու ընթացքէն Փաշինեան դժգոհ է. «ՀԱՊԿ գործողութիւնների արագութիւնը մեզ չի բաւարարում, բայց մենք շարունակելու ենք հետեւողականօրէն աշխատել այդ ուղղութեամբ եւ մեր գործընկերների հետ իրավիճակի հետագայ պարզաբանման վերաբերեալ աշխատանքներ իրականացնել», – ըսաւ Փաշինեան:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրները յստակ դիրքորոշում չեն յայտներ Հայաստանէն ատրպէյճանական զօրքի ետ քաշուելու վերաբերեալ, Ազգային ժողովին քննադատեց վարչապետի պաշտօնակատարը. «Աշխատանքային մակարդակում, ընդ որում, այդ դիրքորոշումն արտայայտւում է, բայց հրապարակային մակարդակում չի արտայայտւում, եւ ես ուզում եմ, որ այս հարցերում պէտք է յստակութիւն մտցուի»:

Ատրպէյճանական զօրքը Հայաստանի տարածքէն դուրս բերելու համար հայկական կողմը դիմած է ՀԱՊԿ-ին «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագրի 2-րդ յօդուածով։ Դաշնակից կազմակերպութիւնը բացի հարցը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու խորհուրդէն, որեւէ յստակ յայտարարութիւն չէ ըրած ատրպէյճանական զօրքին ետ քաշուելու մասին։ Իսկ ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը առաջարկած է աջակցիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման հարցին։ Ինչո՞ւ կ’ուշանայ կառավարութիւնը եւ հիմա չի դիմեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ։

«Մենք երբեք չենք բացառել եւ չենք էլ բացառում, որ կը գնանք այդ ճանապարհով, եթէ պարզուի, որ ՀԱՊԿ-ի գործիքները կամ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի վերաբերեալ պայմանագրի գործիքները բաւարար չեն այս իրավիճակն եւ խնդիրը լուծելու համար», – ըսաւ ան:

Իսկ ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնը առաջինը չեղաւ քայլեր ձեռնարկողը պետութեան ինքնիշխան տարածք ապօրինի ներխուժած ատրպէյճանական զօրքը դուրս բերելու համար եւ անմիջապէս դիմեց ՀԱՊԿ-ի աջակցութեան։ Ընդդիմախօսներու այս քննադատութեան Փաշինեան պատասխանեց՝ յիշեցնելով, որ այդ կազմակերպութեան անդամ երկիրները դէմ են հարցը ռազմական ճանապարհով հանգուցալուծելուն. «Ռազմական լուծման չգնալը նաեւ նպատակ ունի ինքնաբերաբար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան երկրներին չներքաշել ռազմական լուծման մէջ»:

Ապա վարչապետի պաշտօնակատարը բացատրեց ՀԱՊԿ-ի բուն նշանակութիւնը՝ դաշնակից կազմակերպութիւնը համեմատելով օդորակիչի հետ, թէ երբ շոգ է, կը միացնեն օդորակիչը եւ չեն բանար պատուհանները,- « Այդ գործիքը հենց դրա համար է ստեղծուած, եւ յստակ արձանագրուած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի երկրորդ յօդուածում խօսք է գնում, որ երբ որ կայ սպառնալիք, այդ գործիքն արդէն սկսում է գործել»:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ դիմելու կոչեր ըրած է Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը։ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէն ալ դէմ չեն, որ կառավարութիւնը դիմէ այս կազմակերպութեան։ ԲՀԿ-ական պատգամաւոր՝ Արման Աբովեանի կարծիքով` դիւանագիտական բոլոր ուղղութիւններով պէտք է աշխատիլ, բայց այդ պէտք չէ ըլլայ որպէս ՀԱՊԿ-ին հակադրութիւն:

ԲՀԿ-ական պատգամաւորը անթոյլատրելի համարած է այս փուլին դաշնակից ՀԱՊԿ-ին ուղղուած քննադատութիւնները։ Անոր կարծիքով՝ կազմակերպութիւնը կը գործէ ըստ պայմանագրի թելադրանքին, եւ կազմակերպութեան քայլերը համահունչ են հայաստանեան զարգացումներուն. «Ես համոզուած եմ, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնն անում է ամէն ինչ, ինչ անհրաժեշտ է, որ այս իրավիճակը հանգուցալուծուի, սակայն մի անգամ ասել եմ եւ կ’ասեմ` եթէ ՀՀ իշխանութիւնները որոշել են դիւանագիտական ճանապարհով այս հարցը լուծել, ապա տարօրինակ կը լինի, եթէ ռուսը կանգնի, ասի` չէ, մենք մէկ է` պէտք է կռուենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment