Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Հերքած է Սիւնիքի Տարածքի Մարտերու Մասին Տեղեկութիւնները

ԱԱԾ-ն Հերքած է Սիւնիքի Տարածքի Մարտերու Մասին Տեղեկութիւնները

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) պաշտօնապէս կը տեղեկացնէ, որ Սիւնիքի մարզի տարածքին մէջ սկիզբ առած ու ընթացող մարտերու վերաբերեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուող տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ:

ԱԱԾ-ն խստօրէն կը զգուշացնէ զերծ մնալ ապատեղեկատուութիւն տարածելու, ազգաբնակչութեան մէջ խուճապ առաջացնելու եւ անհարկ լարուածութիւններ հրահրելու գործելաոճէն ու կը տեղեկացնէ, որ նմանատիպ երեւոյթները պիտի ունենան համապատասխան իրաւական հետեւանքներ՝ ամենախիստ գործիքակազմերու կիրառմամբ:

Ազգային անվտանգութեան մարմինները կը յորդորեն ապաւինիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment