Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արա Այվազեան Լաւրովին Տեղեկացուցած Է Հայաստանի Պետական Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Վերջին Միջադէպի Մասին

Արա Այվազեան Լաւրովին Տեղեկացուցած Է Հայաստանի Պետական Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Վերջին Միջադէպի Մասին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի ԱԳ նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հայաստանի ԱԳՆ-ը յայտնած է, որ Այվազեան իր գործընկերոջը տեղեկացուցած է Հայաստանի պետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպի մասին եւ նշած ատրպէյճանական կողմէ այսպիսի սադրանքներու հրահրման անթոյլատրելիութիւնը:

Զրուցակիցները կարեւորութիւն տուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարման եւ իրադրութեան սրումը կանխարգիլող քայլերու համադրման:

Նշենք, որ Մայիս 12-ի առաւօտ կանուխ, ատրպէյճանական զինուժը, «սահմանների ճշգրտման» հիմնաւորմամբ, փորձած է որոշակի աշխատանքներ իրագործել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ։ Հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն յետոյ ատրպէյճանական զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները։ Այս պահուն կ’ընթանան բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակը հարթելու ուղղութեամբ, յայտնած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment