Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարա Առայժմ Կը Խուսափի ԱՄՆ-ի Հետ Դիմակայութենէ

Անգարա Առայժմ Կը Խուսափի ԱՄՆ-ի Հետ Դիմակայութենէ

by MassisPost

«Ռոյթըրզի» (Reuters) վերլուծաբաններ՝ Օրհան Քոշկուն եւ Տոմենիկ Էւանս նշած են, որ չնայած ԱՄՆ-ի նախագահի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու յայտարարութիւնը վրդովմունք առաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, Անգարան տուեալ պահուն կը խուսափի դիմակայութենէ, ինչ որ կարող է վնաս հասցնել իր փխրուն տնտեսութեան եւ փշրել ԱՄՆ-ի դաշնակից արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու յոյսերը:

Սովորաբար մարտական գործող Թուրքիոյ առաջնորդը, որ յաճախ կ’օգտագործէ արտաքին վիճաբանութիւնները ներքին աջակցութիւնը հաւաքելու համար, հիմա աւելի շատ կեդրոնացած է թուլացած տնտեսութիւնը վերականգնելու վրայ, ինչ որ, ըստ վերլուծաբաններու, անոր վերընտրուելու հեռանկարի բանալին է: 2023-ի ընտրութիւններուն յաղթելու, իշխանութեան երրորդ տասնամեակը մտնելու Էրտողանի առիթները կախուած են երկրի տնտեսական իրավիճակը վերականգնելու անոր ունակութիւններէն: Հիմնականին մէջ, Պայտընի պատմական յայտարարութենէն յետոյ, Էրտողան որեւէ յստակ պատասխան քայլերու մասին չէ խօսած եւ հարցին անդրադարձած է միայն մէկ անգամ: Այդ նոյն ելոյթին, ուր Էրտողան քննադատած է Պայտըն «անհիմն, անարդար եւ ճշմարտութեան չհամապատասխանող» յայտարարութեան համար, միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ երկու առաջնորդները կրնան նոր փուլ սկսիլ, երբ Յունիսին կայանայ անոնց առաջին հանդիպումը:

Վերլուծաբանները բացատրած են նաեւ, թէ Թուրքիոյ նախագահի համեմատաբար մեղմ ոճը կապուած է տարածաշրջանային իրավիճակով. վերջին տարիներուն Անգարայի ռազմական ներխուժումները եւ յարձակողական արտաքին քաղաքականութիւնը մեծցուցած է Թուրքիոյ կոշտ ուժը, բայց եւ մեկուսացուցած զայն Միջերկրականի արեւելքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ու անցեալ տարեվերջը, Թուրքիան կը ձգտէր բարելաւել թուլացած կապերը Արեւմուտքի եւ արաբական աշխարհին հետ:

Ուաշինկթոնի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները արդէն լարուած էին ռուսական S-400 (C-400) հրթիռային համակարգերը Թուրքիոյ կողմէ գնելու հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քիւրտերուն ԱՄՆ-ի աջակցութեան պատճառով: Անգարան սուրիացի քիւրտերը կը կապէ գրոհայիններու հետ, որոնք քանի մը տասնամեակ յարձակումներ եւ խռովութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ մէջ: Ի տարբերութիւն նախորդ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփին, որ յաճախ հեռախօսազրոյց կ’ունենար Էրտողանի հետ, Ճօ Պայտըն հեռաւորութիւն կը պահէ, իսկ անոր վարչակազմը կը քննադատէ Անգարան մարդու իրաւունքներու իրավիճակին համար: Պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր աւելի քան 3 ամիս է Պայտըն չէ խօսած Էրտողանի հետ, անոնց առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի  ունեցած է Ապրիլ 24-ի նախօրէին, երբ Պայտըն Էրդողանին տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու մտադրութեան մասին:

«Ի հարկէ, հաճելի չէր ատիկա», – «Ռոյթըրզին» ըսած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, «Իր առաջին տարին նման կերպ վարուիլը յարաբերութիւնները վտանգի տակ դնող դիրքորոշում էր»:

Պաշտօնեան նաեւ նշած է, որ այդ հեռախօսազրոյցը հիմք դրած է ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու գործընկերներու ապագայ համագործակցութեան համար. «Իրադարձութիւններու ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ յարաբերութիւնները ինչպէս պիտի զարգանան: Ամէն պարագային, կարծես կարելի է զայն յաղթահարել»:

Թուրք երկու ուրիշ պաշտօնեաներ «Ռոյթըրզին» ըսած են, թէ Թուրքիան կը ձգտի խուսափիլ Ուաշինկթոնի հետ վիճաբանութեան սրացումէն, առնուազն հիմա: Բարձրաստիճան ուրիշ պաշտօնեայ մը ըսած է, թէ Անգարան կը փորձէ վերականգնեցնել կամուրջները Եւրամիութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից՝ Սէուտական Արապիոյ եւ Եգիպտոսի հետ: Ան նշած է, որ մինչեւ Յունիսին կայանալիք Պայտըն-Էրտողան հանդիպումը Անգարայի քաղաքականութիւնը սպասողական կը մնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment