Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փեքինէն Հայաստան Ուղարկուած Է Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Նոր Պատուաստ

Փեքինէն Հայաստան Ուղարկուած Է Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Նոր Պատուաստ

by MassisPost

Չինաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ Փեքինէն Հայաստան ուղարկուած է «Քորոնա» ժահրի նոր պատուաստ, որ, նախատեսուածին համաձայն, կը հասնի Երեւան: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպանը:

«Կ’ենթադրուի, որ պատուաստներու օգտագործումը դրական ազդեցութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ համաճարակի յաղթահարման գործընթացով: Ընկերները կը ճանչցուին դժուար պահերուն եւ միասնական ուժերով պայքարին մէջ համաճարակին դէմ», – նշած է դեսպան՝ Ֆան Եոնկն իր գրառման մէջ։

Յիշեցնենք, որ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի փոխ տնօրէն Գայանէ Սահակեան յայտնած էր, որ Հայաստան պիտի ներմուծուի չինական «Սինովակ» (Cinovak ) ընկերութեան արտադրած Coronavak պատուաստը, բացի այդ COVAX հարթակի միջոցով Հայաստան կը հասնի նաեւ քանի մը տեսակի պատուաստներ, թէ որոնք եւ ինչ դեղաչափով, դեռ յստակ չէ:

Այժմ Հայաստան կը կիրառուին բրիտանա-շուէտական AstraZeneca-ն եւ ռուսական Sputnik V-ն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment