Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Արդիւնաբերական Ոլորտը Կը Համարէ ԵԱՏՄ Տնտեսական Համակարգի Շարժիչ Ուժերէն Մէկը

Փաշինեան Արդիւնաբերական Ոլորտը Կը Համարէ ԵԱՏՄ Տնտեսական Համակարգի Շարժիչ Ուժերէն Մէկը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան արդիւնաբերական ոլորտը կը համարէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) տնտեսական համակարգի շարժիչ ուժերէն մէկը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Փաշինեան ըսաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց քննարկուող «Արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները ԵԱՏՄ շրջանակներում մինչեւ 2025թ.» փաստաթղթի կարեւորութիւնը:

«Կարծում եմ՝ աւելորդ չի լինի եւս մէկ անգամ նշել, որ հենց արդիւնաբերական ճիւղն է հանդիսանում Միութեան տնտեսական համակարգի շարժիչ ուժերից մէկը: Ապրանքների միասնական լիարժէք շուկայի ստեղծումն, առանց այդ ուղղութեամբ համաձայնեցուած քաղաքականութիւն մշակելու, գործնականում իրագործելի չէ։ Մենք հետաքրքրուած ենք նրանով, որ բարձրացնենք ԵԱՏՄ-ում արտադրուող ապրանքների մրցունակութիւնն, ինչպէս ներքին, այնպէս էլ արտաքին շուկաներում»,- ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց, որ ԵԱՏՄ գործունէութիւնը, որ յաւելեալ ազդակ հաղորդած է անդամ պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան զարգացման, այսօր կը յառաջանայ նոր համաշխարհային մարտահրաւէրներու ֆոնին, որոնք էապէս կը չեզոքացնեն ընդհանուր առմամբ միջպետական համարկման հետեւանքները։

«Դրանք ե’ւ համավարակի հետեւանքով առաջացած սահմանափակումներն են, ե’ւ համաշխարհային տնտեսութեան փոխակերպումն է, որտեղ աւելի ու աւելի պահանջուած են դառնում բարձր արհեստագիտութիւնները: Նոր պայմաններն ի յայտ բերեցին առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընկերային բնագաւառներում համագործակցութեան անհրաժեշտութիւն»,- նշեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Նիկոլ Փաշինեան ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու իր գործընկերներուն շնորհակալութիւն յայտնեց համատեղ աշխատանքի համար, անգամ մը եւս հաստատեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը եւ անփոփոխ որոշումը` առաջարկել բոլոր ջանքերը, որոնք անհրաժեշտ են տնտեսական համագործակութեան ոլորտներու մեծացման  եւ միութեան համարկման ներուժի հետեւողական բացայայտման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment