Home ՍՓԻՒՌՔ Հռոմի Ս․ Բարթուղիմէոս Տաճարին Մէջ Միջեկեղեցական Արարողութիւն Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած

Հռոմի Ս․ Բարթուղիմէոս Տաճարին Մէջ Միջեկեղեցական Արարողութիւն Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու յիշատակի օրուան առիթով միջեկեղեցական արարողութիւն կատարուեցաւ Հռոմի Սբ․ Բարթուղիմէոս տաճարին մէջ նախաձեռնութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի, Քրիստոնէական միասնութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Կուրտ Կոխի եւ մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ եւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպաններ՝ Կարէն Նազարեանի եւ Ծովինար Համբարձումեանի, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Հայր Նարեկ Նամոյեանի։

Արարողութեան ներկայ էին Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէոնարտո Սանտրին, ՀՀ կաթոլիկ հայերու առաջնորդ Տ․ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեանը, Սուրբ Աթոռի մօտ Անգլիկան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Արք․ Եան Էռնեստը, Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար եպիսկոպոս Փօլ Տայը, ղպտի ուղղափառ, ռումինական ուղղափառ, Յոյն, կաթոլիկ, անգլիկան, աւետարանական-լուտերական եւ մեթոտիստական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ խորհրդարանի անդամներ, հայ հաւատացեալներ եւ հիւրեր:

SONY DSC

SONY DSC

Արարողութեան ժամանակ, զոր կը հանդիսապետէին Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ու կարտինալ Կուրտ Կոխին, ընթերցուեցան սուրբգրային հատուածներ, սաղմոսներ, քարոզներ եւ երգուեցան շարականներ։

Այնուհետեւ Կարտինալ Կոխ իր քարոզի ընթացքին նշեց, որ Վատիկան Բ. Ժողովը նահատակութիւնը կը ճանչնայ որպէս “Ողորմութեան գերագոյն ապացոյց” ոչ միայն կաթոլիկ, այլ նաեւ քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու նահատակներու համար: “Այս խորը ճանաչումը, հետզհետէ տարածուած է, մանաւանդ անցեալ դարու ընթացքին, որու սկիզբը տեղի ունեցաւ հայ քրիստոնեաներու մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը անոնց ցեղասպանութեան ժամանակ, ի յիշատակ անոնց հաւաքուած ենք այսօր աղօթելու” ան ըսաւ: Կարտինալ Կոխ անդրադարձ կատարեց հայ նահատակներուն եւ դիմելով ներկաներուն նշեց, որ անոնք՝ նահատակները, մեզի կը յիշեցնեն, որ նահատակութիւնը քրիստոնէութեան մէջ լուսանցքային երեւոյթ չէ, այլ՝ Եկեղեցւոյ հիմքը։ Քրիստոնեայ նահատակը, չի նահատակուիր պարզապէս գաղափարի համար, այլ կը խաչուի «Քրիստոսի հետ»  եւ կը մահանայ «մէկուն հետ, ով արդէն մահացած է անոր համար»: Հայ նահատակները իւրովի վկայեցին քրիստոսաբանութեան այս գաղափարը։ Ան շեշտեց, որ հայ նահատակներու միջոցով եւ իւրայատուկ ձեւով կատարուած այսօրուան Աւետարանի (Յովհ. 14:1-13) խոստումը այն է, որ անոնք բնակութիւն հաստատած են Աստուծոյ մօտ եւ յաւերժ կը մնան անոր հետ: Ուստի մենք բոլոր հիմքերը ունինք դիմելու անոնց որպէս բարեխօսներու՝ խնդրելով մեզի ուղեկցիլ մեր երկրային գոյութեան ժամանակ եւ ամրապնդել մեր յոյսը, որ Յիսուս Քրիստոս մեզի համար նոյնպէս տեղ կը պատրաստէ իր Երկնային Հօր տան մէջ: Հայցելով հայ նահատակներու բարեխօսութիւնը, մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք՝ յանուն Քրիստոսի սիրոյ անոնց կատարած մեծագին վկայութեան համար, որ մեզի ընծայեցին իրենց կեանքի գնով,- յաւելցուց կարտինալ Կոխը։ Այնուհետ, ան իր խօսքը աւարտեզ ըսելով “Երախտապարտ ըլլալով հաւատքի այս վկայութեան համար`  ես պատիւը ունիմ ձեզ բոլորիդ յղելու Սրբազան Քահանայապետի սրտալի ող՚ջիւնը միջեկեղեցական արարողութեան բոլոր մասնակիցներութ”: Ապա աւելցուց, որ Սրբազան Քահանայապետը հոգեպէս միասնական եղաւ աղօթքին եւ ձեր բոլորին  կը յղէ իր օրհնութիւնը:

Արարողութեան աւարտին ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան․ ան յիշեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի կողմէ արտասանուած բառերը 2015 թ․ Ապրիլի 12-ին Ս․ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ժամանակ․ «Կատարուածը յիշել պարտադիր է ոչ միայն հայ ժողովուրդի եւ համընդհանուր եկեղեցւոյ, այլեւ ողջ մարդկային ընտանիքի համար, որպէսզի այս ողբերգութենէն եկող նախազգուշացումը մեզի ազատէ վերստին նման արհաւիրքներու մէջ իյնալէ, քանզի անոնք կը վիրաւորեն Աստուծոյ եւ մարդկային արժանապատուութիւնը»։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք միասնական աղօթքով Յարուցեալ Քրիստոսէն, Սուրբ Նահատակներէն եւ այլ սուրբերէն աշխարհին խաղաղութիւն հայցեցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment