106 տարիներ առաջ՝ այս օրերուն Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր դարերու պատմութեան ամենէն սարսափելի ժամանակաշրջանը, երբ Օսմանեան Թուրքիան ծրագրեց ու գործադրութեան դրաւ իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը՝ այդպիսով լուծելու համար Հայկական հարցը: Վայրագութիւններուն զոհ դարձան իր հայրենի հողին վրայ ապրող մօտ երկու միլիոն հայազգի բնակչութիւնը, իսկ մնացեալները տեղահան եղան իրենց պապենական օճախէն՝ ապաստան գտնալով այլ երկիրներու մէջ, ուր կազմեցին կորիզը այսօրուայ հայկական սփիւռքին:
Եղեռնի արհաւիրքէն հարիւր ու աւելի տարիներ ետք մեր ժողովուրդը տակաւին չէ գտած իր ներքին անդորրութիւնը ու կը շարունակէ ապրիլ պատմական այդ ճնշող իրականութեան ծանր բեռին տակ, միաժամանակ յիշելով որ իր ուսերուն կ՛իյնայ նահատակներու կտակը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու սրբազան պարտականութիւնը:
Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու տարելիցը յարգելով կու գանք աշխարհին յիշեցնելու թէ հայութեան դէմ գործուած սպանդը ու տեղահանութիւնը ուղղուած էր ամբողջ մարդկութեան դէմ: Այդ արարքներու պատասխանատուն՝ թրքական պետութիւնը մնալով անպատիժ դուռը լայն բացաւ այլ ցեղասպանութիւններու առջեւ, որոնք կրկնուեցան անցնող տասնամեակներուն՝ աշխահի տարբեր ծայրամասերէն ներս:
Թրքական պատասխանատուութեան կողքին մեղքի իր բաժին ունին նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս յառաջադէմ մեծ պետութիւնները: Անոնցմէ ոմանք ուշացումով եկան ճանչնալու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ ուրիշներ մինչեւ օրս կը զլանան առնել այդ քայլը, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վեր դասելով իրենց իսկ դաւանած համամարդկային արժէքներէն:
Այս օրերուն Ամերիկահայութիւնը մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէ Սպիտակ Տունէն «ճերմակ ծուխի» երեւումին եւ կը յուսայ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայիս Նախագահը հետեւելով Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան օրինակին ու հաւատարիմ մնալով իր խոստումին, Ապրիլ 24-ի իր յայտարարութեան մէջ Հայութեան դէմ գործուած զանգուածային կոտորածները կը կոչէ իրենց իսկական անունով՝ որպէս Ցեղասպանութիւն:
Այսօրուայ Թրքական կառավարութեան ժառանգորդն է իր նախորդներու գործած ոճիրներուն: Սակայն ան ոչ միայն կը շարունակէ իր ժխտողական կեցուածքը, այլ կը վերահաստատէ իր թշնամական վարքագիծը՝ Հայաստանը նկատելով խոչընդոտ իր ծաւալապաշտական ու բանթուրքական ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին:
Արցախեան վերջին պատերազմը մէկ օղակն էր այդ հակահայ քաղաքականութեան, որ ի գործ դրուեցաւ Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած:
Մենք չենք ակնկալել մօտ ապագային որեւէ էական փոփոխութիւն պաշտօնական Թուրքիոյ հակահայ վարքագիծին մէջ ու խիստ վերապահութեամբ կը մօտենանք անկէ եկող ազդակներուն նկատմամբ:
Հայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ: Մեր պայքարը երկարաշունչ է: Մեր թշնամիները դաւադիր են: Մեր առջեւ կայ մէկ ճանապարհ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը եւ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը՝ հաւաքական ներուժի առաւելագոյն օգտագործմամբ: Այդ կը պահանջեն մեր հին ու նոր նահատակները ու այդ է Հայկական Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցի պատգամը: