Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Պայտըն Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նախագահ Պայտըն Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ բառերը երկու անգամ օգտագործեց Ապրիլ 24-ի իր պատգամին մէջ:

«Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնց, որոնք զոհուեցան Օսմանեան ժամանակաշրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ մենք պարտաւոր ենք կանխել նման չարագործութիւններու կրկնութիւնը», – ըսուած էր Սպիտակ Տան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: Այսպիսով Պայտըն կը դառնայ Ամերիկայի առաջին նախագահը, որը 1915 թուականի մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածները կ՛անուանէ Ցեղասպանութիւն:

«1915 թուականի Ապրիլի 24-ին սկսած օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան եւ համայնքի առաջնորդներու ձերբակալութիւններէն յետոյ, մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան ուղարկուեցան` բնաջնջման նպատակով: Մենք կ՛ոգեկոչենք Մեծ Եղեռնի զոհերը, որպէսզի նախկին սարսափները երբեք մոռացութեան մատնուած չըլլան պատմութեան համար: Եւ մենք կը յիշենք, որպէսզի մշտապէս զգօն մնանք ատելութեան կործանարար ազդեցութեան դէմ պայքարի ընթացքին՝ անոր բոլոր դրսեւորումներով», – կ՛աւելցնէ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը:

«Վերապրածներէն շատերը ստիպուած եղան նոր տուներ եւ նոր կեանք գտնել աշխարհի տարբեր կողմերը՝ անոնց շարքին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Զօրութեամբ եւ տոկունութեամբ՝ հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ եւ վերստին կառուցեց իր համայնքը: Տասնամեակներ շարունակ հայ գաղթականները հարստացուցած են Միացեալ Նահանգները տարբեր բնագաւառներէ ներս, բայց երբեք չեն մոռացած ողբերգական այն պատմութիւնը, որ իրենց նախնիներէն շատերը բերաւ դէպի մեր ափերը: Մենք կը յարգենք անոնց պատմութիւնը: Մենք կը տեսնենք այդ ցաւը: Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Մենք այդ կ՛ընենք ոչ թէ մեղադրելու, այլ ապահովելու համար, որ կատարուածը այլեւս չկրկնուի», – կը շեշտէ նախագահը իր պատգամին մէջ:

«Այսօր, երբ մենք կ՛ողբանք մեր կորուստները, եկէք մեր հայեացքը յառենք ապագային եւ պատկերացնենք այն աշխարհը, որ կ՛ուզենք ստեղծել մեր երեխաներուն համար: Աշխարհ մը, որ աղտոտուած չէ մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան ամենօրեայ չարիքներով, աշխարհ, որտեղ մարդու իրաւունքները յարգուած են, եւ որտեղ բոլոր ժողովուրդները կրնան ապրիլ արժանապատիւ ու անվտանգ կեանքով: Եկէք վերահաստատենք ապագային վայրագութիւնները կանխելու մեր հաստատակամութիւնըª աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայ: Եւ եկէք հասնինք աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու հաշտեցման ու ցաւերու ամոքման:

«Ամերիկայի ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ բոլոր այն հայերուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին 106 տարի առաջ այս օրը սկսած Ցեղասպանութեան հետեւանքով», – Կ՛ընդգծէ նախագահ Ճօ Պայտըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment