Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Հայութիւն. Դէպի Ո՞ւր

Հայաստան եւ Հայութիւն. Դէպի Ո՞ւր

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Ծանրութիւնը կորսնցուցածիդ, որ արդէն անցեալ կատարեալ է, պէտք չէ՛ մթագնէ պայծառ ապագայ մը տեսնելու եւ կերտելու կարողութիւնդ: Ատելութեան ու ափսոսանքի քանդիչ զգացումները պէտք չէ՛ տեղ գտնեն ինքնակերտման շինիչ ձգտումներուդ մէջ»:  Գէորգ Տէր Դաւիթեան (Եղեռնէն վերապրած հայրս)

Ընդունուած երեւոյթ է, որ մարդ անհատը իր ունեցածին արժէքին աւելիով կը գիտակցի միայն զայն կորսնցնելէ ետք: Անհատի կեանքին վերաբերող այս իրականութիւնը պէտք է որ տարբերուի ազգի պարագային, որ հաւաքական գիտակցութեան առաւելութիւնը ունենալով, պէտք է խուսափի անհատ մարդուն անձնական վերիվայրումներէն: Այս հաւաքական գիտակցութեան առողջութեան մակարդակը կապուած է երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարութեան մակարդակէն:  Որքան աշխոյժ է տուեալ երկրի մը ժողովրդավարութիւնը, այնքան աւելի քիչ է սայթաքումներու հաւանականութիւնը: Ուր կայ մենատիրութիւն, հոն կայ սայթաքումներու շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն:

Երբ ակնարկ մը կը նետենք 30 տարիներու մեր անկախ պետականութեան կեանքին վրայ, յստակ կը դառնայ ժողովրդավարութեան, առողջ եւ ազատ մթնոլորտի մէջ գաղափարներու քննարկման պակասը: Հոն աւելի շեշտուած կը տեսնենք անհատի պաշտամունքի ու մենատիրական ձգտումներու մշակոյթի կիրառումը, փոխան գաղափարներու եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման: Եթէ 70 տարիներու սովետական համակարգին վերագրենք այս թերին, ապա ինչպէ՞ս բացատրել նոյն գործելաձեւին որդեգրումը հայրենիք վերադարձած մեր աւանդական կուսակցութիւններուն կողմէ: Հոսկէ յստակ կը դառնայ այս գծով մեր համազգային ձախողումը: Ու հոսկէ կը սկսի նոր գործելաձեւի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, կարենալ այս վիճակէն դուրս գալու յարմարագոյն ելքերը գտնելու համար:

Հարցը չսահմանափակուիր Հայաստանի եւ հայրենի ժողովուրդի վիճակով, այլ կ’ընդգրկէ աշխարհացրիւ հայութեան ապագան ալ: Որովհետեւ մեր կրած պարտութիւնը բոլորիս պարտութիւնն է իր բոլոր ծանր հետեւանքներով: Որ կը նշանակէ, ազգովին պէտք է լծուինք ելքերու որոնման աշխատանքին: Այդ աշխատանքը բոլորէս կը պահանջէ ըլլալ անկեղծ մեր ձախորդութեանց եւ բացթողումներու քննարկման մէջ, որդեգրել անհատականէն ու կուսակցականէն վեր՝ ազգասէր եւ ազգաշահ մօտեցում, եւ այս բոլորը կատարել արհեստավարժ մասնագէտներու առաջնորդութեամբ:

Այս աշխատանքին սկսելէ առաջ, կ’արժէ նշել 1988-էն ի վեր մեր անցած ճանապարհի կարգ մը յատկանշական երեւոյթները:

1.ՀՀՇ-ՀՅԴ հակամարտութիւնը
Պատմութիւնը մեզի կը թելադրէ, որ ամէն ժամանակշրջան կ’ունենայ իր «մարդիկ»ը, որոնք իրենց դրոշմը կը դնեն անոր վրայ: 1923-ին Յ. Քաջազնունի կը գրէր. «Երբ ներկայ քաղաքական պայմանները փոխուին հիմնովին կամ խոշոր չափերով, հաւանական է, որ Խորհրդային իշխանութիւնը՝ իբրեւ անհարազատ ու անհամապատասխան հայկական իրականութեան՝ հարկադրուած լինի տալ իր տեղը ուրիշ ոյժերի, ուրիշ քաղաքական ու հասարակական խմբակցութիւնների. Նա եւս կատարած ու աւարտած կը լինի իր դերը: Բայց Դաշնակցութիւնը չէ, որ պիտի փոխարինի բօլշեւիկներին… Արդ՝ օգնել բօլշեւիկներին Դաշնակցութիւնը չի կարող, մնում է որ չխանգարի – ա՛յդ կը լինի նրա օգնութիւնը:»

Իսկապէս ալ, 70 տարիներու Խորհրդյին իշխանութիւնէ ետք, 1988-ի շարժումը մէջտեղ բերաւ ՀՀՇ-ին, որ առաջնորդեց այն դէպի անկախութիւն, հակառակ Դաշնակցութեան ջանքերուն: ՀՅԴ-ն, որ կը կարծէր թէ հայ ժողովուրդի առաջնորդութիւնը իր մենաշնորհն է, պայքար բացաւ ու խանգարեց ՀՀՇ-ին: Նոյնիսկ Արցախեան ազատամարտի հիանալի յաջողութիւնէն ետք, ՀՅԴ մամուլը գրեց, որ այդ եղաւ «ի հեճուկս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի» ու շարունակեց շեշտադրել «ցուրտ ու մութ տարիներ»ու զրկանքը, փոխանակ շեշտադրելու ազատագրական պայքարի յաջողութիւնը: Ասիկա ցոյց տուաւ, որ ՀՅԴ-ի մօտ աւելի գերադաս է կուսակցական շահը, քան՝ ազգային շահը: Այս մէկը աւելի շեշտուեցաւ Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն, երբ ՀՅԴ-ն լուր մնաց սահմանադրական ահաւոր խախտումներու եւ միլիարդներու հասնող թալանին ի տես, մինչ լուսարձակի տակ կ’առնէր Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան տարիներու իրական եւ նոյնիսկ երեւակայածին մանր թէ  մեծ սայթաքումներ:

2.Հոկտեմբեր 27, 1999
Մեր նորանկախ պետականութեան տրուած մեծագոյն հարուածը եկաւ Հոկտ. 27-ի սպանդով, որ գագաթնակէտն էր մեր ազգի մէկ «մաս»ին կողմէ օտարին գործիք ծառայելով «ամբողջ»ին տիրելու մարմաջին: Այսօրուան տխուր իրականութիւնը սկիզբ առաւ այդ օրուանէն, որուն հետեւանքներէն էին նաեւ 2008-ի Մարտ 1-ի սպաննութիւնները: Առաջինով զգետնուեցաւ մեր պետական աւագանին, իսկ երկրորդով՝ հասարակ ժողովուրդի զաւակներ: Արդիւնքը եղաւ քսանամեայ մենատիրութիւն, իր բոլոր վնասաբեր հետեւանքներով:

3.Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեան տարիները
Երբ աչքի առջեւ կ’ունենանք Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեան քսան տարիները ու կը բաղդատենք 1988-էն 1998-ի տարիներուն հետ, յստակ կը դառնայ մեր նահանջի ահաւորութիւնը: Օրին, «Վատնուած Տասնամեակ» որակած էինք Քոչարեանի տարիները եւ մտահոգութիւն յայտնած, որ Սարգսեանինն ալ տարբեր պիտի չըլլար: Նոյնիսկ 1998-ի նախագահական ընտրապայքարի ժամանակ մենք գրած էինք. «թէեւ հարցախոյզերը անխուսափելի կը նկատեն Քոչարեանի ընտրութիւնը, մեր կարծիքով, այս ժամանակաշրջանին համար Կարէն Դեմիրճեանը աւելի նպատակայարմար թեկնածուն է ՀՀ նախագահի պաշտօնին»: Քոչարեան ոչ միայն իշխանութեան տիրացաւ սահմանադրական խախտումներով, այլ պահեց այն սպաննութիւններով ու թալանով: Սարգսեանի տարիները շատ տարբեր չեղան իր նախորդէն: Երկուքի տարիներուն մեր պետութիւնը շատ բան զիջեցաւ իր գերիշխանութիւնէն: Ինչպէս կը գրէինք 9 Փետրուար 2008-ին. «Որեւէ իշխանութիւն, որ կեղծիքներով ու խախտումներով կը հասնի առաջնորդող դիրքի, չի՛ կրնար ծառայել ազգի յառաջդիմութեան»:

4.Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը
Պատմութիւնէն դասեր քաղողին համար յստակ է, որ մենատիրութեան չարիքներուն կուտակումը իր բարձրակէտին կը հասնի յեղափոխութեան պոռթկումով: Քոչարեանի իշխանութեան առաջին հինգ տարիները բաւարար եղան մեզի համար 9 Յունուար 2004-ին գրելու «Ժողովուրդի Քայլը» յօդուածը, ուր կ’ըսէինք. «Երբ ժողովուրդ մը կը գիտակցի, որ անկումային վիճակէ մը կ’անցնի. երբ ժողովուրդ մը կը գիտակցի, որ ինքն է իր ճակատագրի տէրը եւ իր բարօրութիւնը օտարէն պէտք չէ յուսայ. երբ ժողովուրդ մը կը գիտակցի, որ ինք արժանի է արժանապատիւ կեանք ու ապագայ ունենալու, ապա այդ ժողովուրդը իր մէջ ուժ կը գտնէ փոխելու իր ճակատագիրը եւ յաղթահարելու ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներ»: Պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 2018, որ պոռթկայ յեղափոխութիւնը, առիթը տալով ժողովրդավար կարգերու հաստատման: 12 Մայիս 2018-ին կը հրատարակէինք մեր «Ողջախոհ Ազգասիրութիւն» խորագրով յօդուածը, ուր կ’ըսէինք. «Այսօր, շա՜տ ծանր պարտականութիւն մը կը դրուի իր (Փաշինեանի) ուսերուն վրայ եւ մենք ամէն գնով պէտք է սատարենք իրեն, որ մնայ հաւատարիմ իր առաքելութեան, չի՛ խոտորի ու չի՛ եղծանուի: Ժողովուրդին մէջ առկայ է այն ոգին, որ կար 88-ի շարժումին եւ Հոկտեմբեր 27-ի նախօրեակին: Վա՜յ եկէր է մեզի եթէ այս առիթն ալ փախցնենք»: Դժբախտաբար անգամի մը համար եւս անձական փառասիրութիւններն ու հատուածական շահերը խանգարեցին առողջացման այս բնական գործընթացը ու դարձեալ փախցնելով մեր պետականութիւնը ամրապնդելու ոսկեայ առիթը, յայտնուեցանք այս վատ վիճակին մէջ:

Ի՞նչ ընել
Ներկայիս մեզ մտահոգողը դարձեալ լուրջ քննարկումներու բացակայութիւնն է, թէ ի՞նչ պէտք է ընել այս տխուր իրավիճակէն յարմարագոյն ելքեր գտնելու համար:

Փոխանակ յումպէտս զիրար վատաբանելու եւ դաւաճան յորջորջումով պիտակաւորելու մեր կարծիքը չբաժնողները, օգտակար գործ կատարած կ’ըլլանք մեր պարտութեան իսկական պատճառներու եւ ամբողջական պատկերի բացայայտմամբ:  Ասոնց բացակայութեան, դուռը բաց պահած կ’ըլլանք ամէն տեսակի խաբէութեանց ու չարաշահութեանց, որմէ պիտի տուժենք ազգովին, որովհետեւ ոչ պիտի կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ցցուող արգելքները եւ ոչ ալ օգտուիլ ներկայացուող առիթներէն: Անձերու հրաժարականները պահանջելէ անդին, պէտք է հիմնաւորուին այդ պահանջին ծնունդ տուող պատճառները: Օրինակի համար առնենք Փաշինեանի պարագան: Եթէ հիմնաւորուի մեր այս կրած պարտութեան իր պատասխանատուութիւնը, ապա ան պէտք է իր տեղը զիջի, աւարտած համարելով իր դերը՝ մենատիրութեան տապալման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման մէջ:

Մեր քաղաքագէտներուն եւ մտաւորականութեան պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ամէն գնով տէր կանգնիլ ժողովրդավարական կարգերուն եւ օրէնքի գերակայութեան գործադրման, արգելք հանդիսանալով մենատիրական կարգերու վերադարձին, որ աւելիով աղետաբեր պիտի ըլլայ: Անոնք նաեւ պէտք է բարձրաձայնեն եւ հրապարակաւ քննարկեն սպասուող հաւանականութիւնները եւ ըստ այնմ պատրաստեն ժողովուրդը:

Համազգային ուժերու լարումով, մենք ինչպէ՞ս կրնանք տնտեսապէս զարգացնել մեր երկիրը, որ բարելաւենք ժողովուրդի գէթ կենցաղային մակարդակը, այդպիսով նպաստելով արտագաղթի կասեցման եւ ինչո՞ւ ոչ՝ հայրենադարձութեան:

Տնտեսական զարգացման առընթեր, ինչպէ՞ս հզօրացնել մեր բանակը, որ մեր պաշտպանութեան ապաւէնն է:

Եթէ Ռուսիան, կարճ կամ երկար ժամանակով, քաշուի մեր տարածաշրջանէն, մենք ինչպէ՞ս պիտի լեցնենք այդ բացը, որ դարձեալ չտուժենք:

Եթէ Թուրքիոյ եւ կամ Ազրպէյճանի մէջ յեղաշրջումներ ծագին, մենք ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ անոնցմէ:

Արդեօ՞ք ճիշտ է ներկայիս հետապնդել Արցախի անկախութեան հարցը, երբ թէ Ռուսիան եւ թէ Ֆրանսան ու Անգլիան ներքին «Արցախներ» ունենալով գործնականօրէն պիտի չզօրակցին մեզի ու բաւարարուին յաւուր պատշաճի յայտարարութիւններով:

Գիտակցելով հանդերձ, որ Հայաստան կը գտնուի Ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ եւ բազմաթիւ թելերով կախեալ է անկէ, ինչո՞ւ չձգտիլ այլ տարբերակներու հետ յարաբերութեանց զարգացման:

Գիտնալով հանդերձ, որ արտաքին յաջողութեանց հիմքը ներքին հզօրութիւնն է, ինչո՞ւ մեր ուժերուն անհամեմատ երազներ կը փայփայենք ու ապա յուսախաբ կը դառնանք: Խորենացին մեզի պատգամած է մեր վերմակին համեմատ մեր ոտքերը երկնցնել: Ինչո՞ւ չենք անսար անոր պատգամին: Թշնամիին տկարութիւնը հեգնելէ առաջ, մէյ մը չափենք, որ համեմատականօրէն ո՞ւր ենք մենք եւ ըստ այնմ շարժինք, որ չտուժենք:

Ծանր պարտութիւնը որ կրեցինք, առաջինը չէր մեր վերջին հարիւր կամ քիչ մը աւելի պատմութեան մէջ: Եթէ ճիշտ վարուած ըլլայինք ամէն պարտութիւնէ ետք, կասեցուցած կ’ըլլայինք անոնց շարանը: Պատեհութիւնը ունինք  գէթ այս անգամ ճիշտ դասերը քաղելու եւ ըստ այնմ գործելու: Պիտի ընե՞նք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment