Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսկի Խումբը Կոչ Կ°ընէ Կողմերուն՝ Վերսկսիլ Երկխօսութիւնը

Մինսկի Խումբը Կոչ Կ°ընէ Կողմերուն՝ Վերսկսիլ Երկխօսութիւնը

by MassisPost

Ապրիլ 13-ին, ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահներ՝ Իկոր Պոպով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսկոնտի (Ֆրանսիա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (ԱՄՆ) հանդէս եկան յայտարարութեամբ, ուր անոնք գոհունակութիւն կը յայտնեն հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման կապակցութեամբ, ըսելով, որ ուշադիր կը հետեւին Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման: Անոնք կ՛ողջունեն զոհերու աճիւններու վերադարձը, տեղահանուածներու վերաբնակեցման, մարդասիրական օգնութեան եւ կեանքի համարժէք պայմաններու տրամադրման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ճանապարհներու ապաշրջափակմանն ուղղուած կառուցողական քննարկումներու շարունակական յառաջընթացը:

Համանախագահները կողմերուն կը յիշեցնեն, որ հարկաւոր են լրացուցիչ ջանքեր‘ մնացած հարցերը լուծելու եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեանը նպաստող փոխվստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ըստ յայտարարութեան, անոնք կը ներառեն հարցեր, որոնք, մասնաւորապէս, կը վերաբերին բոլոր ռազմագերիներու եւ այլ ձերբակալուածներու վերադարձին‘ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներուն համապատասխան, հակամարտութեան շրջաններու արդիւնաւէտ ականազերծման համար անհրաժեշտ բոլոր տուեալներու փոխանակման, Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի սահմանափակումներու վերացման, որոնց շարքին‘ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն համար, կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ պաշտպանութեանը, ինչպէս նաեւ հակամարտութենէն տուժած համայնքներու եւ մարդկանց միջեւ վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու համար անմիջական շփումներու եւ համագործակցութեան խթանման:

Համանախագահները կոչ ՛ընեն կողմերուն վերսկսիլ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը համանախագահներու հովանիին ներքոյ: Համանախագահները կը կրկնեն ուղղակի երկկողմ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու իրենց առաջարկը:

Համանախագահները կը շեշտեն իրենց պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսելու աշխատանքային այցերը տարածաշրջան, ներառել՝ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ՝ իրականացնելու իրենց գնահատման եւ միջնորդական առաքելութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment