Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Կոչէ իր Անունով. Los Angeles Times

Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Կոչէ իր Անունով. Los Angeles Times

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն հնարաւորութիւն ունի այս ամիս, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերու զանգուածային կոտորածէն շուրջ մէկ դար անց, կատարուածը կոչել ճշգրիտ եզրոյթով՝ ցեղասպանութիւն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին ըսուած է Los Angeles Times-ի խմբագրականով:

«Զարմանալի է, որ հայերու հետ տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» եզրոյթով անուանելու հարցը նոյնիսկ քննարկման կը դրուի»,- գրած է Los Angeles Times-ը, տեղի ունեցածը անուանելով «մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան ցաւը պատմութեան ընթացքին աւելի կը տարածուի, քանի որ կառավարութիւնները կը յապաղին ճանաչել զայն»:

Պարբերականը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով, Թուրքիա բնակող հայերու թիւը շուրջ 2.1 միլիոնէն նուազած է, եւ դարձած քանի մը հարիւր հազար: Los Angeles Times-ը ընդգծած է, որ թէպէտ թրքական կառավարութիւնը, որ կը շարունակէ հերքել իրագործուած ոճրագործութիւնը, կը պնդէ, թէ կատարուածը պատերազմի հետեւանք էր եւ մահացած են ոչ միայն քրիստոնեայ հայերը, այլեւ հրեաներն ու իսլամներն ալ, սակայն իրականութեան մէջ հայերը թիրախ դարձած են իրենց ցեղի պատկանելիութեան պատճառով:

Համեմատելով հրեաներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան հետ՝ պարբերականը նշած է, որ այս նոյնն է, եթէ կատարուածը վիճարկուի՝ ըսելով, թէ «ամէն բան այդքան վատ չէ, ուրիշ մարդիկ ալ մահացած են»: «Այդ վիրաւորանքի աստիճանի անհեթեթութիւն է»,- գրած է Los Angeles Times-ը:

Պարբերականը նաեւ նշած է, որ թէպէտ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ յամառօրէն հերքել կատարուածը, աշխարհի շատ երկիրներ արդարացիօրէն ճանչցած են ցեղասպանութիւնը եւ պաշտօնական դիրքորոշում ընդունած եւ տեղի ունեցածը «Հայոց ցեղասպանութիւն» անուանած:

Los Angeles Times-ը նշած է, որ ԱՄՆ-ի պարագային հարցը յատկապէս սուր է, քանի որ ՆԱԹՕ-ի անդամ  Թուրքիան այդ երկրի համար ռազմական դաշնակից է, թրքական Ինժըրլիքի մէջ տեղակայուած է ամերիկեան ռազմակայան: Այդուհանդերձ, թուրք-ռուսական յարաբերութիւններով պայմանաւորուած՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն վատացած են: Հետեւաբար, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը 2019 թուականին պաշտօնապէս ճանաչեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւն որոշողը Սպիտակ տունն է:

Պարբերականը յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ-ի 44-րդ նախագահ՝ Պարաք Օպաման ոսկեայ հնարաւորութիւն ունէր կատարելու նախընտրական խոստումը ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ճանաչելու պատմական փաստը: Այդուհանդերձ, Օպաման վերջին պահուն ետքայլ ըրաւ եւ փոխարէնը օգտագործեց Ցեղասպանութեան համար հայերէնով օգտագործուող «Մեծ եղեռն» եզրոյթը: Նոյնը ըրաւ նաեւ յաջորդ նախագահի՝ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը:

Los Angeles Times-ը նշած է, որ նախագահի պաշտօնը ստանձնող Պայտըն, ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը խորապէս ու ամենալայն իմաստով ըմբռնող եզակի նորընտիր նախագահներէն է՝ Ճորճ Հըրպըրթ Ուոքեր Պուշէն յետոյ: «Սակայն ան եւս ինքզինք դրսեւորած է որպէս չափաւոր  գործնապաշտ: Անկասկած, արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ ըլլալ, որպէս բազմաչափ ճատրակի խաղ, որու գաղափարը ոչ թէ անպայմանօրէն յաղթելն է, այլ համոզուած ըլլալը, որ հակառակորդդ կը պարտուի: Սակայն այստեղ կարեւոր է ճշմարտութիւնը եւ պատմութեան արդար ճանաչումը: Պայտըն պէտք է Հայոց ցեղասպանութիւնը կոչէ իր անունով»,- ըսուած է Los Angeles Times-ի խմբագրականով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment