Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանին Առաջադրուած Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Յօդուածով Քրէական Գործը Վերջ Գտաւ

Ռոպերթ Քոչարեանին Առաջադրուած Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Յօդուածով Քրէական Գործը Վերջ Գտաւ

by MassisPost

2,5 տարի մեղադրեալի կարգավիճակի մէջ գտնուող երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածով քրէական գործը կարճուեցաւ։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր՝ Աննա Դանիբեկեան բաւարարեց Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը եւ ընթերցեց իր որոշման եզրափակիչ մասը, ըստ որու հակասահմանադրական ճանաչուած յօդուածով քրէական հետապնդումը դադրեցուեցաւ։

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) հակասահմանադրական եւ անվաւեր ճանչցաւ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ անոր նախկին երկու ենթականերուն մեղսագրուող սահմանադրական կարգը տապալելու մասին յօդուածը։ Անկէ ետք Քոչարեանի փաստաբանները միջնորդեցին դատարանին այդ մեղադրանքով հետապնդումը դադրեցնել եւ գործը կարճել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment