ՀՀ ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը, խոստացածին համաձայն, վարչապետի հրաժարականէն ետք, պիտի չառաջադրէ վարչապետի թեկնածու, որ առաջիկային կայանան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, առիթ պիտի չտայ իշխանութեան, որ ետքայլ ընէ այդ օրակարգէն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Անի Սամսոնեան՝ անդրադառնալով հարցին, թէ այն պարագային, երբ առանց ԼՀԿ-ի համաձայնութեան՝ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եղան, հնարաւո՞ր է ԼՀԿ-ն ընտրութիւններու կայացման առնչութեամբ իշխանութեան հետ պայմանաւորուածութիւններէն ետ կանգնի եւ առաջադրէ վարչապետի թեկնածու:
«Մեր միակ պայմանաւորուածութիւնը եղել է այն, որ վարչապետը հրաժարական կու տայ, եւ մենք կը գնանք արտահերթ ընտրութիւնների: Եւ, եթէ գնում ենք արտահերթ ընտրութիւնների, ես կարծում եմ՝ տրամաբանական չէ այլ գործողութիւններ իրականացնել, երբ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն»,- ըսած է Սամսոնեան:
Ան վստահեցուցած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ վարչապետի հետ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած, վարչապետի կողմէն ըսուած է միայն, որ եթէ համաձայնութիւն չըլլայ խորհրդարանէն ներս, չեն ընդունիր, բայց յստակ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած, որ կրնար խախտուիլ: «Մենք որեւէ պատրուակ չենք տալու իշխանութեանը, որ որեւէ պահից ետքայլ կամ նահանջ լինի այս օրակարգից»,- ըսած է Սամսոնեան:
ԼՀԿ-ը այս ընտրութիւններուն պիտի ձգտի առաւելագոյնին, իշխանութեան հասնելու համար: «Իւրաքանչիւր առողջ քաղաքական ուժ, որը գնահատում է իր հնարաւորութիւնները, միշտ ձգտում է առաւելագոյնին: Մենք չենք գնում այս ընտրութիւններին մի քանի պատգամաւորական տեղեր վերցնելու համար: Հետեւաբար, բոլոր մեր հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք»,- ըսած է ան ու կարծիք յայտնած, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ չկողմնորոշուած մարդոց համոզել, որ զիրենք ընտրեն: