Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինն ու Փաշինեան կը Քննարկեն ԼՂ-ի Շուրջ Պայմանաւորուածութիւններու Կատարման Ընթացքը

Փութինն ու Փաշինեան կը Քննարկեն ԼՂ-ի Շուրջ Պայմանաւորուածութիւններու Կատարման Ընթացքը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ Ապրիլ 7-ին հանդիպում կ’ունենայ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով:

«Ապրիլ 7-ին նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնը Մոսկուա: Տեղի կ’ունենան բանակցութիւններ նախագահ՝ Փութինի հետ: Դուք գիտէք, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով աշխոյժ երկխօսութիւն կ’ընթանայ: Նախ եւ առաջ, ի  հարկէ, պիտի քննարկուի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ու եռակողմ փաստաթղթի կեանքի կոչման ընթացքը, որ վերջ տուաւ ռազմական գործողութիւններուն Ղարաբաղի մէջ»,- ըսած է Փեսքով:

Ան յայտնած է, որ Փութին-Փաշինեան հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին ՝ Անդրկովկասի փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հետ կապուած հարցեր, տեղի պիտի ունենայ միտքերու փոխանակում Հայաստանի մէջ սկսուած ընտրական գործընթացի, ինչպէս նաեւ ռուս-հայկական համագործակցութեան ընթացիկ հարցերու շուրջ:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Մոսկուա մեկնելու մասին յայտարարած էր նաեւ ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան՝ Ապրիլ 2-ի առաւօտեան: Վարչապետ Փաշինեան բացի անձնական ընդունելութիւններէ եւ հանրային միջոցառումներէ կ’աշխատի ինքնամեկուսացման պայմաններու մէջ, ծրագրային օրակարգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment