Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետականութիւն եւ Դաւաճանութիւն

Պետականութիւն եւ Դաւաճանութիւն

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք յաճախակի դարձած են Հայաստանի պետականութեան եւ հայրենիքի դաւաճանութեան մասին հրապարակային յայտարարութիւնները: Ցաւալին հոն է, որ անգամի մը համար եւս փոխանակ լրջօրէն վերլուծելու մեր գլխուն եկած աղէտը եւ երեւան հանելու մեր պարտութեան իսկական պատճառներն ու պատասխանատուները, ականջալուր կ’ըլլանք լոզունգային ու մակերեսային մակարդակի յայտարարութիւններու, որոնք աւելի կը միտին քօղարկելու հարցերը եւ մոլորեցնելու մեր ժողովուրդը: Խօսինք օրինակներով:

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան օրերս կը յայտարարէր՝ «Ես կարող եմ պաշտօն զիջել, բայց չեմ լքի խրամատը, որը պաշտպանում է հայկական պետականութիւնը»: Մեր պետականութեան ինչպիսի՞ պաշտպանութեան մասին է խօսքը, երբ ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ Սարգսեանի մատները, ինչպէս Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Հայաստանի ՀՅԴ-ին, խառն են Հոկտեմբեր 27-ի ահաւոր սպանդին մէջ, որ օրին գլխատեց մեր պետականութիւնը:  Ի՞նչ պաշտպանութեան մասին է խօսքը, երբ ան, դարձեալ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ, միլիարդաւոր տոլարներ կողոպտեց երկրէն, երբ այդ գումարին փոքր մասով կարելի էր հզօրացնել բանակը եւ իսկապէս նպաստել երկրի պաշտպանութեան: Չբաւականանալով այդքանով, ան նաեւ կը յայտարարէր, որ իր դէմ հետապնդումը «ապօրինութիւն է, որը հակաղարաբաղեան շղթայի մի մասն է:» Մարդ, որու իշխանութեան օրով օրէնքը բազմիցս ոտնահարուեցաւ ու պղծուեցաւ, հիմա կը ճառէ օրինականութիւնէ: Աւելի՛ն, «հակաղարաբաղեան շղթայի» ծանրակշիռ հաստատումով կը փորձէ նաեւ խրամատ մը բանալ Հայաստան-Ղարաբաղ յարաբերութեանց մէջ: Երկու նախադասութիւն, որոնք ոչ թէ կը պաշտպանեն, այլ կը ոտնահարեն հայկական պետականութիւնը:

Մեր ընթերցողները հաւանաբար ծանօթ են Բաղրամեան պողոտայի ցուցարարներուն կազմակերպած Չաուչեսքուի եւ տիկնոջ գնդակահարման հրապարակային բեմադրութեան, նոյն ճակատագիրը յուշելով Նիկոլ Փաշինեանին եւ տիկնոջ: Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանը գնդակահարուած տեսնելու հարցին, Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ Արծուիկ Մինասեան կը պատասխանէր, որ «Դաշնակցութիւնը իր կազմաւորման առաջին պահէն սկսեալ շատ կոշտ եւ չներող վերաբերմունք ցուցաբերած է հայրենիքի դաւաճաններուն նկատմամբ» ու ձեւով մը մեղմելու համար այս հաստատումը, կը շարունակէր. «բայց ՀՅԴն՝ իբրեւ քաղաքական ուժ, երբեք չի դիմեր ահաբեկչութեան գործողութիւններու»: Սակայն անմիջապէս վերադառնալով առաջին մտքին, կը շարունակէր ըսել. «Ժողովրդի տուած գնահատականը, այդ թւում մեր բազմահազար այն քաղաքացիների, ովքեր 100ից աւելի օր հրապարակային գործողութիւններով, իրենց արտայայտած դժգոհութիւններով արդէն իսկ տուել են գնահատական, եւ եթէ այդ գնահատականը ժողովրդի գնահատականն է, ապա վաղուց Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է գնդակահարուած լիներ:» Տեղին կը նկատենք ընդգծել, որ այս հաստատումը կու գայ Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամէ մը, այն մարմնի, որու մատները, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի մատներուն հետ խառն են Հոկտեմբեր 27-ի ահաւոր սպանդին մէջ, որ օրին գլխատեց մեր պետականութիւնը: Իր այս մի քանի նախադասութեամբ Մինասեան կը բացայայտէ իր պատկանած մարմնի քանդիչ մտածելակերպը, որ ազգի հատուած մը, անտեսելով երկրի օրէնքն ու կանոնը, կրնայ դաւաճան յայտարարել ուրիշ ազգակից մը ու զայն գնդակահարել: Ո՞ւր կրնայ յանգիլ պետութիւն մը, որու բաղկացուցիչ հատուածները կը գործեն այսպիսի մտածելակերպով: Մի՞թէ եղբայրասպանութիւնը կը նպաստէ հայրենակերտման գործընթացին: Ինչպիսի՞ ժողովրդավարութիւն կարելի է սպասել այսպիսի մարդոցմէ, որոնք չունենալով ժողովրդային լայն նեցուկ, կրնան փորձել նոր Հոկտեմբեր 27-ի դաւաճանութեամբ մը խլել իշխանութիւնը: Ինչպիսի՞ ապագայ կարելի է սպասել Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայութեան համար, եթէ այսպիսի մտածելակերպով մարդիկ խլեն իշխանութիւնը:

Այսպիսի ընթացքով անկարելի պիտի ըլլայ ամօքել մեր ցաւերը: Ընդհակառակը՝ պիտի խորանան անոնք եւ մեզ տանին գահաւիժման: Ամբողջ քսանամեակ մը վատնեցինք, շահագործելով հազարաւոր նահատակներու արեամբ կերտուած Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը: Ժամանակի այս վատնումը, թշնամիի ահռելի սպառազինութեան դիմաց մեր ցուցաբերած անպատրաստուածութիւնը, ժամանակի յառաջընթացքին հետ քայլ պահելու մեր յամեցումը, հայրենիքի գերագոյն շահերով առաջնորդուող ազգասէր առաջնորդներու բացակայութիւնը պատճառ դարձան հազարաւոր նոր նահատակներու ողջակիզման եւ այս խայտառակ պարտութեանԿը գիտակցի՞նք արդեօք մեր պետութեան ամրակայման ու մեր Մեծ Երազի իրականացման նպաստած պատմական հրաշալի յաջողութիւն մը վատնած ըլլալու ահաւորութեան:

Եթէ մենք անկեղծօրէն հետամուտ ենք մեր պետականութեան ամրապնդման, ապա փոխանակ դաւաճաններ որոնելու եւ գնդակահարելու կործանարար ու ազգավնաս մտածելակերպին, պէտք է լծուինք մեր ձախողութեանց պատճառներուն յայտնաբերման ու սրբագրման: Պէտք է ձերբազատուինք մեր պատմութիւնը ներկայացնելէ պարզացուած եւ թիւրըմբռնուած հերոսի ու դաւաճանի դիտանկիւնէն, այլ՝ գիտական վերլուծումով խթանել քննական մտածելակերպ: Այդ լոյսին տակ պէտք է վերանայիլ անցեալի կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք ազդեցիկ դրոշմ թողած են մեր մտածելակերպին վրայ եւ ի հարկին վերատեսութեան ենթարկել մեր հաւատալիքները (dogmas): Նշենք քանի մը օրինակներ. Արշակաւանի եւ Վարդանանցի իսկական դասերը, 19րդ դարի մեր յեղափոխկան շարժման եւ Եղեռնի դրդապատճառներն ու հետեւանքները, Սարդարապատ, Մայիս 28, 1918, Նոյեմբեր 29, 1920, Փետրուար 18, 1921 ապստամբութիւն/արկածախնդրութիւն, Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ եւ Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի անցումը Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ: Այդ լոյսին տակ պէտք է վերլուծել մեր նորօրեայ Զարթօնքը, Արցախեան Ա պատերազմի յաղթանակը, Հոկտեմբեր 27, 1999-ի ահաւորութիւնը, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի ծանծաղութիւնը, ներկայի տխուր իրավիճակէն բարենպաստ դուրս գալու միջոցները, եւայլն:

Պէտք է ձերբազատուիլ ինքզինքնիս անհիմն գովերգելու մեծամտութիւնէն եւ լծուիլ մեր տկարութեանց ախտաճանաչման եւ սրբագրման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ մեր հզօրութեանց յաւելեալ ամրապնդման: Պէտք է ձերբազատուիլ տոհմային մտածելակերպէ, անձի պաշտամունքէ  եւ ամէն գնով հզօրացնել պետական հիմնարկները, հոն ներգրաւելով արհեստավարժ մասնագէտներ: Ճիշտ է, որ անկախ պետականութեան քիչ փորձ ամբարած ենք, նկատելով որ հազարամեակներու մեր պատմութեան մէջ աւելի շատ ենթակայ եղած ենք օտարի լուծին, բայց պէտք է գիտնանք օգտուիլ համաշխարհային պատմութեան դասերէն եւ ըստ այնմ լծուիլ մեր անկախ պետականութեան հզօրացման: Այդ մէկը կարելի է իրագործել, երբ անշահախնդրօրէն կ’առաջնորդուինք հայրենիքի գերագոյն շահերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment