Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Պարզ Համամասնական Ընտրակարգով

Հայաստանի Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Պարզ Համամասնական Ընտրակարգով

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց  «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որով կը նախատեսուի ընտրութիւններէն առաջ հանել վարկանշային ցուցակները եւ ընտրութիւնները կայացնել պարզ համամասնական ընտրակարգով: Նախագիծը քուէարկութեամբ ստացաւ 82 կողմ ձայն:

Հիմնական զեկուցող Վահագն Յովակիմեան յայտնեց, որ ԱԺ պետական իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստին հաւանութեան արժանացած է նախագիծին՝ իր կողմէ լրամշակուած տարբերակը: Նախագիծէն հանուած են «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած փոփոխութիւններու առաջարկները: «Նախագահի աշխատակազմի մեր գործընկերների կողմից արդէն իսկ մեզ տեղեկացուել է, որ «Քորոնա» ժահրի կարգաւորումների հետ կապուած իրենք խնդիրներ են տեսնում: Այդ իսկ պատճառով ընդառաջ գնալով՝ բոլոր այդ կարգաւորումներից, որոնք պէտք է լինէին Ընտրական օրէնսգրքում, մենք հրաժարուել ենք»,-ըսաւ պատգամաւորը ու աւելցուց, որ նախագիծին մէջ կատարած են նաեւ որոշակի շտկումներ:

Այսպիսով` նախագիծով կը նախատեսուի հանել վարկանշային ցուցակները: Այս փոփոխութենէն ետք, քաղաքացին իր ընտրատեղամասին մէջ պիտի ընտրէ միայն քաղաքական ուժը: Այսինքն՝ քուէաթերթիկներէն պիտի ընտրէ մէկ քուէաթերթիկ եւ առանց որեւէ նշում կատարելու, պիտի դնէ ծրարի մէջ ու նետէ քուէատուփը:

Նախագիծի համահեղինակներն են, խմբակցութիւններու մէջ չընդգրկուած պատգամաւորներ՝ Արման Բաբաջանեան, Սերկէյ Բագրատեան, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Վահագն Յովակիմեան եւ Համազասպ Դանիէլեան:

Մինչեւ այդ եւս կը գործէր համամասնական ընտրակարգ, սակայն վարկանշային համակարգի համադրութեամբ՝ այսինքն` վարկանշային ցուցակներով:

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը կտրականապէս դէմ էր այս փոփոխութեան: ԼՀԿ-ն կ’առաջարկէր բաց ցուցակներու տարբերակը՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ գործընթացի կէսէն՝ այսինքն ընտրութիւններու մասին պայմանաւորուածութենէն յետոյ խաղի կանոնները չեն փոխուիր:

Իշխանութիւնը վստահեցուցած է, որ այս փոփոխութեամբ ընդամէնը աւելի պարզ կը դառնայ ընտրութիւններու ընթացքը:

ԱԺ-էն ներս նախագիծը ընդունուելէն  յետոյ, կը նախատեսուի, որ պէտք է ստորագրուի Հանրապետութեան նախագահի կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment