Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Մեղադրանք Ներկայացուցած է Միջազգային Ահաբեկչութեան եւ Վարձկանութեան Յօդուածներով Շուրջ 30 Անձի

Դատախազութիւնը Մեղադրանք Ներկայացուցած է Միջազգային Ահաբեկչութեան եւ Վարձկանութեան Յօդուածներով Շուրջ 30 Անձի

by MassisPost

Պատերազմի ընթացքին գերեվարուած Սուրիոյ քաղաքացիներ՝ Յուսէֆ ալ Ապէտ Հաճիին եւ Մուհհռապ Մուհամմատ Ալ Շխերիին առնչուող քրէական գործի նախաքննութիւնը կը մօտենայ աւարտին։

«Նրանց վերաբերեալ գործը աւարտական փուլում է, կատարւում են վերջին գործողութիւնները։ Շուտով կը յայտարարուի նախաքննութեան աւարտ եւ դատախազի կողմից մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելուց յետոյ այն կ’ուղարկուի դատարան ըստ էութեան քննելու համար», – հաղորդեց Գլխաւոր դատախազի խոհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան։

Ձերբակալուած Յուսէֆ ալ Ապէտ Հաճին ու Մուհհռապ Մուհամմատ Ալ Շխերին մեղադրուած են միջազգային ահաբեկչութեան, զինուած ընդհարումներու ժամանակ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերու լուրջ խախտումներու եւ վարձկանութեան յօդուածներով։ Անոնք հայ իրաւապահներուն պատմած են, որ Սուրիոյ մէջ հաւաքագրուելէն ետք, փոխադրուած են Ատրպէյճան՝ կռուելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ ամսական 2 հազար տոլարի դիմաց։ Նոյնիսկ ամէն հայու համար խոստացուած էին 100 տոլար գլխագին:

Գոռ Աբրահամեան կը տեղեկացնէ, որ նախաքննական մարմինը եւս շուրջ 30 անձի նոյնականացուցած է ու անոնց առաջադրած է նոյն մեղադրանքերը․ – «Որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու որոշումներ են կայացուել եւ նրանց նկատմամբ յայտարարուել է միջազգային հետախուզում»։

Սկսեալ պատերազմի սանձազերումէն մինչեւ քաղաքացիականներու սպանութիւններ, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ խոշտանգումներ ու պատմամշակութային յուշարձաններու պղծում․ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու զինուած ուժերու կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու վերաբերեալ Գլխաւոր դատախազութիւնը իր հաղորդման մէջ անդրադարձած է 2020-ի գործունէութեան մասին։

«Մօտաւորապէս 100-120 քրէական գործի մասին է խօսքը ընդհանուր առմամբ գնում։ Թէեւ էս թիւը խիստ յարաբերական է։ Մենք ունենք յստակ անձանց նկատմամբ արդէն իսկ յարուցուած քրէական հետապնդումներ։ Խօսքը վերաբերում է ինչպէս վարձկան ահաբեկիչներին, այնպէս էլ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի ներկայացուցիչներին։ Ընդհանուր առմամբ, 37 անձի մասին է խօսքը գնում», – տեղեկացուց Գոռ Աբրահամեան։

44-օրեայ պատերազմին առնչվող շուրջ 1700 քրէական գործ յարուցուած է, որոնց մեծ մասը Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանունակութեան եւ զինուորական ծառայութեան դէմ ուղղուած առերեւոյթ յանցագործութիւններն են։

Ըստ գլխաւոր դատախազութեան, 628 անձ այդ գործերով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, անոնց կարգին՝ բարձրաստիճան սպաներ։ Յայտնի է, որ քրէական գործով անփութութեան համար մեղադրեալ է Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Անդրանիկ Մակարեան, հաղորդագրութիւններ եղած են նաեւ զօրամասի քանի մը հրամանատարներու մասին։

«Այս բնոյթի քրէական գործերի մի առանձին հատուած վերաբերում է պատերազմի ժամանակ պաշտպանութեան տարբեր ուղղութիւններով կատարուած զինուած գործողութիւնների, սպայական անձնակազմի կողմից տրուած հրամանների, յանձնարարութիւնների, մարտական գործողութիւնների ընթացքում կատարուած յանցաւոր դրսեւորումներին։

Քրէական գործերի գերակշիռ մասը, սակայն, դասալքութեան, զօրահաւաքներից խուսափելու, հրամանները չկատարելու, զօրամասը ինքնակամ լքելու, զիուորական պարտականութիւնները չկատարելու յատկանիշներով են։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը առանձին գործեր կը քննէ պետական դաւաճանութեան ու լրտեսութեան վերաբերեալ։

Գլխաւոր դատախազի խորհրդականը կը տեղեկացնէ, որ ապօրինի զէնք-զինամթերք իրացնելու վերաբերեալ յարուցուած քրէական գործերով արդէն ազատազրկուածներ կան․ – «Ապօրինի զէնք-զինամթերքի իրացման, շրջանառման հետ կապուած վեց անձի վերաբերեալ քրէական գործերը ուղարկուել էր դատարան, եւ հինգի կապակցութեամբ արդէն իսկ ունենք մեղադրական դատավճիռներ։ Երկու գործ զոհուած եւ անյայտ կորած զինծառայողների ծնողներին խաբելու, նրանցից գումարներ յափշտակելու դրուագներով եւս ուղարկուել է արդէն իսկ դատարան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment