Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Լիբանանի Մէջ Կը Մեկնարկէ «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Լիբանանի Մէջ Կը Մեկնարկէ «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը:

by MassisPost

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը:

Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը մեկնարկեց Փետրուար 2020-ին. ան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկն է:

Ծրագրին առաջին տարուան ընթացքին Հիմնարկութիւնը Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ ստացաւ  27 դիմում, որոնցմէ ընտրուեցաւ տասը ծրագիր: Այժմ, իւրաքանչիւր ծրագրի պատասխանատու անձ կամ խմբակ կ’աշխատի կեանքի կոչել իրենց ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրները, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:

Լիբանանի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին 2020-2021 թուականի նպաստառուներն են՝

    • ԴԻՏԷ՛Հրայր Գալեմքէրեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան

Հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական…) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու:

      • ԿԱՐՄԻՐ ՄՈՄԿարէն Տարագճեան եւ Սուրէն Խտըշեան

Առցանց թատերական ներկայացում մը՝ Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու անհետացող արհեստին եւ անոնց առօրեային մասին:

      • ԿՌՈՒՆԿ շարժապատկերԳրիգոր Աւեսեան եւ Սերժ Մանուկեան

Երկու երկհարթ շարժապատկերներ (animation), հիմնուած Հրակ Փափազեանի «Բռնկում» եւ «Շրջիկները» կարճ պատմուածքներուն վրայ:

      • ՂԱՐՊԻՅՅԷ– Գուրգէն Փափազեան

Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք՝ որ կը յայտնաբերէ շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթները:

      • ՄԷԿԱսատուր Պասմաճեան, Նարէ Քիւսպէքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Կարինէ Գիւլխանճեան

Երիտասարդները հետաքրքրող, արեւմտահայերէնով հազուագիւտ խօսուող նիւթեր մատուցող հարթակ մը, որ նաեւ կ’անդրադառնայ հայերէնի տարբեր բարբառներուն:

      • ՆՇՄԱՐ– Սարին Սանտրա Պաճաքեան

Լուսանկարչական պատում մը, որ կը նշմարէ հայու պատառիկներ եւ կը ներկայացնէ մեր շուրջ ապրող անյայտ հերոսները:

      • ՊԱՏՄԱԿԱՆԿիրօ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան

Հայոց պատմութեան մասին եօթը շարժապատկերներու (animation) շարք մը, որ լայն բնաբաններու ընդմէջէն պիտի քննարկէ հայոց պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղցած տարբեր նիւթեր:

      • ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԻՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԱրմէն Պագգալեան

Անդրադարձ Լիբանանահայ հին թերթերու ծանուցումներու մշակոյթին, որ կը միտի վերակենդանացնել հոն եղած հարուստ եւ գունաւոր լեզուն:

      • ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ– Յարութ Կիւլիւզեան

Լիբանանահայ վեց գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Պէպօ Սիմոնեան, Սարգիս Կիրակոսեան եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ:

        • ՎԱԶՐԻԿ– Շողակ Յովհաննէսեան

Գիտաառեղծուածային նկարչական վէպ, որուն դէպքերը տեղի կ’ունենան Վազրիկի կեանքին ակնթարթներէն մէկուն ընթացքին, ապագայապաշտ Պուրճ Համուտի մը մէջ:

Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր» էջերուն՝

https://www.facebook.com/creativeculture.20
https://www.instagram.com/creativeculture.20/

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի ծրագիրներուն մասին կարդալ՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment