Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անցեալ Երեք Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.6 Միլիոնի Օժանդակութիւն Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Անցեալ Երեք Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.6 Միլիոնի Օժանդակութիւն Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

Յունուարէն Մարտ 2021-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.6 միլիոն արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.5 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահոված է AmeriCares կազմակերպութենէն ($2.9 միլիոն) եւ Direct Relief կազմակերպութենէն ($2.6 միլիոն)։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկահայ Բժշկական Միութիւնը ($50,000) եւ Providence Heart Medical Center հիւանդանոցը ($1,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական Հիմնադրամին, Հայաստանի Ակնաբուժական Ծրագիրին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Նորք Մարաշ Բժշկական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

2021-ի առաջին երեք ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք ուղարկած է հրատապօրէն անհրաժեշտ թթուածինի դարմանախուցեր (Hyperbaric Oxygen Chambers), COVID-19-ով տառապողներու խնամքի համար ամբողջ նաւային արկղ մը պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղի, սրտի, աչքի, եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդներու համար։

Անցեալ 32 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $923 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,495 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment