Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Շեշտած Է, Պէտք Է Գնահատել Ապաշրջափակման Հնարաւորութիւնները, Բայց Ոչ Հայաստանի Կենսական Շահերու Հաշւոյն

Վարչապետը Շեշտած Է, Պէտք Է Գնահատել Ապաշրջափակման Հնարաւորութիւնները, Բայց Ոչ Հայաստանի Կենսական Շահերու Հաշւոյն

by MassisPost

«Յայտնի իրադարձութիւնների բերումով անվտանգային միջավայրն էական փոփոխութիւններ է կրել Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ», երէկ՝ Մարտ 30-ին, Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, ընդգծելով, որ պէտք է շարունակաբար գնահատել այն նոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք կան այս իրավիճակին մէջ:

Փաշինեան նաեւ շեշտած է, որ նոր իրավիճակին մէջ պէտք է կարողանալ գնահատել այն հնարաւորութիւնները, որ կան Հայաստանի շրջափակումը վերցնելու առումով, սակայն այդ գործընթացները պէտք չէ տեղի ունենան Հայաստանի կենսական շահերու հաշւոյն։

«Պէտք է կարողանանք գնահատել Հայաստանի դիրքը, դիրքորոշումը եւ մօտեցումը՝ ինչպէս ենք դիմակայելու նոր մարտահրաւէրներին եւ ինչ հնարաւորութիւններ կան, որոնք պէտք է օգտագործուեն Հայաստանի եւ Արցախի կայուն ու բնականոն զարգացման համար», – ըսած է վարչապետը՝ շարունակելով․ – «Ի հարկէ, տեւական շրջափակումը Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշակիօրէն օտարել է տարածաշրջանից եւ մենք, օրինակ, մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ ցամաքային ընդամէնը մէկ ճանապարհ ունենք, որն ունի եղանակային բնոյթ եւ մեծապէս կախուած է եղանակային պայմաններից, ինչն իր հերթին բերում է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, այդ թւում՝ անվտանգային: Մենք պէտք է կարողանանք այս նոր իրավիճակում գնահատել այն հնարաւորութիւնները, որ կան Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու առումով եւ միւս կողմից ի հարկէ պէտք է արձանագրենք, որ այդ գործընթացը չի կարող տեղի ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան կենսական շահերի հաշուին, այլ հակառակը, մենք պէտք է այդ գործընթացում կարողանանք լիարժէք պաշտպանել ու պահպանել մեր երկրի շահերը, Արցախի շահերը, ի հարկէ նաեւ պատրաստ լինելով որոշակի համագործակցային տրամաբանութեան»։

Նշելով, որ նիստի քննարկման կարեւորագոյն թեմաներէն պիտի ըլլայ կապերու բացումը, վարչապետը ընդգծած է, որ հարցը ունի բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնել:

«Բայց մեր տրամադրուածութիւնը պէտք է լինի այն, որ պէտք է ի վիճակի լինենք կայացնել որոշումներ, որոնք բխում են Հայաստանի Հանրապետութեան շահերից: Մենք պէտք է ի վիճակի լինենք կայացնել որոշումներ, որոնք կ’ապահովեն Հայաստանի Հանրապետութեան երկարատեւ, կայուն զարգացումը, նաեւ ինչ որ առումով տարածաշրջանի երկարատեւ եւ կայուն զարգացումը նոյնպէս մեր պատասխանատւութեան ոլորտում է: Այնպէս որ այսօր մեզ յաջող եւ արդիւնաւէտ քննարկում եմ մաղթում», – եզրափակեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment