Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան կը Սպառնայ Միացեալ Նահանգներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կիրառելու Հարցով

Թուրքիան կը Սպառնայ Միացեալ Նահանգներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կիրառելու Հարցով

by MassisPost

Թուրքիա «Գաղտնի  դիւանագիտութիւն» կը վարէ  նախագահ  Պայտընի  «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւն  օգտագործելու խնդրով

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի բամբեր համարուող թրքական «Sabah» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Անգարան Ապրիլ 24-ի ընդառաջ գաղտնի դիւանագիտութիւն կը վարէ ԱՄՆ-ի հետ, քանի որ  անհանգստացած է Ուաշինկթոնէն ստացուած ազդակներէն: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը։

Լուրեր կը շրջանառուին, որ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն մեծ հաւանականութեամբ Ապրիլ 24-ին կիրառէ  Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը:

Ըստ թրքական կայքին՝ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Իպրահիմ Քալըն հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝ Ճէյք Սալիվանի հետ եւ ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ 4 վերապահումները:

Ըստ Քալընի հաստատումներուն՝ կատարուածը ցեղասպանութիւն կոչելու համար իրաւական հիմք չկայ եւ անոր համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում, ինչպէս որ եղած են Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի պարագաներուն:

Քալըն երկրորդ կէտով յիշեցուցած է Սալիվանին, որ «ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը շրջանառութեան մէջ դրուած է 1948-ին:

Թուրքիոյ միւս մտավախութիւնը ներկայացուցած ատեն, Էրտողանի խօսնակը շեշտած է, որ Պայտընի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի կիրառումը խնդիրներ կը ստեղծէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ:

Որպէսզի Միացեալ Նահանգները այդ քայլին չդիմէ, Թուրքիան պատրաստ է ամէն ինչի: Կայքի հաղորդմամբ, Քալըն յայտնելով, որ Կովկասի մէջ նոր կարգ կը հաստատուի,  փոխանցած է հետեւեալ ուղերձը. «Մենք կ’ըսենք, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորենք։ Կ’ըսենք. «եթէ անոնք (հայերը) ճիշդ քայլ առնեն, տեսէք մենք նոյնիսկ մեր դարպասները կը բանանք»: Այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, եթէ դուք ցեղասպանութիւն բառը կիրառէք, կը նշանակէ, որ Կովկասի ամբողջ գործընթացը   խափանելու կը նայիք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment