Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Դրամատունը 2021-ին Հայաստանի Մէջ Կը Կանխատեսէ Տնտեսական Աճ

Համաշխարհային Դրամատունը 2021-ին Հայաստանի Մէջ Կը Կանխատեսէ Տնտեսական Աճ

by MassisPost

Համաշխարհային դրամատունը կանխատեսած է, որ Հայաստանի տնտեսական աճը 2021-ին կը հասնի 3.4 տոկոսի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է դրամատան Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացումներու գարնանային զեկոյցին մէջ:

«2020 թուականին, Հայաստանը տարածաշրջանէն ներս ունեցաւ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) կտրուկ կրճատումներէն մէկը`7.6 տոկոս, COVID-19-ի բռնկումը եւ տարեվերջին Ատրպէյճանի հետ ռազմական բախումը ազդեցին արդիւնքներուն վրայ: Կ’ենթադրուի, որ 2020 թուականին աղքատութիւնը աճած ըլլայ 7 տոկոսային կէտով: Տնտեսութեան վերականգնումը կ’ըլլայ աստիճանական»,-ըսուած է զեկոյցով:

Համաշխարհային դրամատունը իր զեկոյցին մէջ յիշեցուցած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն առաջ Հայաստանը աստիճանաբար կը բարելաւէր իր գործարար միջավայրը: «Կը հաստատէր տնտեսական խելամիտ կառավարման մրցանիշ, որ կ’ամրապնդուէր ուժեղ հարկայպիւտճէական կանոնով, գնաճի համար նպատակաուղղուած դրամավարկային քաղաքականութեան շրջանակով եւ ֆինանսական ոլորտի վերահսկողութիւնը բարելաւելով: Իշխանութիւնները սկսան բարեփոխութիւններու յաւակնոտ ծրագիր, որ նպատակաուղղուած էր կառավարման ամրապնդման 2018-ին: Տնտեսական աճը ուժեղ էր՝ 2018 եւ 2019 թուականներուն միջինը կազմելով 6,4 տոկոս»,-նշած են դրամատունէն:

Զեկոյցին մէջ նաեւ ըսուած է, որ հակառակ Հայաստանի բարեփոխութիւններու առաջընթացին, կառուցուածքային մարտահրաւէրները թոյլ չեն տուած, որ երկիրը հասնի իր ամբողջ ներուժին: Մարտահրաւէրներու շրջագիծէն ներս նշուած է կառավարման բացերու՝ դատաիրաւական թերի բարեփոխութիւններու եւ այլ հարցերու մասին՝ շեշտելով, որ աշխարհաքաղաքական լարուած իրավիճակը աւելի կը սրէ այդ մարտահրաւէրները:

Նշուած է, որ սակայն Հայաստանի առաջընթացը ձախողած է 2020-ին երկու ցնցումներու պատճառով՝ համավարակի եւ Արցախի պատերազմի: 2020-ի  իրական ՀՆԱ-ն անկում ապրած է 7,6 տոկոսով:

«Կը նախատեսուի, որ ՀՆԱ-ի աճը մասամբ կը վերականգնուի 2021-ին՝ 3,4 տոկոս եւ աւելի ուժեղ 2022 թուականին՝ 4,3 տոկոս: Վերականգնումը դանդաղ կ’ըլլայ. մինչեւ 2023 թուականը տնտեսութիւնը դժուար թէ վերադառնայ մինչեւ COVID-ի եղած արտադրանքի մակարդակին»,-ըսուած է զեկոյցով:

Համաշխարհային դրամատունը նկատել տուած է, որ նախնական սենարի համաձայն, կ’ենթադրուի, որ իշխանութիւնները չեն կիրառեր լրացուցիչ արգելափակումներ եւ սահմանափակումներ 2021 թուականին:

Նաեւ նշուած է, որ կ’ակնկալուի, որ մասնաւոր սպառումը եւ ծառայութիւններու ոլորտը աստիճանաբար կը վերականգնի: Մասնաւոր ներդրումները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մնան զսպուած՝ արտացոլելով ներդրողներու թոյլ վստահութիւնը: Հակամարտութեան յաջորդող մեծ ծախսերը եւ հանրային ներդրումներու յաւակնոտ ծրագիրները, հակառակ, որ մեղմուած են կատարման մարտահրաւէրներով, սակայն կը բարձրացնեն հարկապիւտճէական բացը եւ միջնաժամկէտ հեռանկարով պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը կը բարձրացնեն 70 տոկոսէն:

Համաշխարհային դրամատունը կը կանխատեսէ, որ միջին գնաճը կը մնայ մօտ ՀՀ Կեդրոնական Դրամատան 4 տոկոսանոց նպատակին, բայց կրնայ աճիլ, եթէ պարէնի եւ վառելիքի համաշխարհային գիները շարունակեն անսպասելիօրէն բարձրանալ: Կը սպասուի, որ արտասահմանեան ներդրումներու հոսքերը զսպուին, բայց պետական փոխառութիւնները միջնաժամկէտ հեռանկարով պահուստները կը պահեն յարմարաւէտ մակարդակի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment