Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետն Ու Նախագահը Քննարկած Են Արտահերթ Ընտրութիւններուն Առնչուող Հարցեր

Վարչապետն Ու Նախագահը Քննարկած Են Արտահերթ Ընտրութիւններուն Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Մարտ 23-ին, հանդիպած է նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին հետ, յայտնած են կառավարութենէն:

Անոնք քննարկած են երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներքին քաղաքական մթնոլորտի բարելաւման միտուած քայլերը եւ անդրադարձած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման:

Կարեւորուած է ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կազմակերպման ուղղուած անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը, անոր կարգին՝ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման միջոցով:

Յիշեցնենք, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման մասին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան Դիմատետրի գրառմամբ` ամսաթիւ նշելով Յունիս 20-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment