Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանի Գործը Մտաւ Դատաքննութեան Փուլ

Ռոպերթ Քոչարեանի Գործը Մտաւ Դատաքննութեան Փուլ

by MassisPost

Աւելի քան մէկուկէս տարի երկարած դատավարութենէն յետոյ այսօր՝ Մարտ 23-ին, դատաւոր՝ Աննա Դանիբեկեան յայտարարեց, որ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր նախկին ենթականերու գործը մտաւ դատաքննութեան փուլ։

Նշենք, որ երբ դատաւորը յայտարարեց այս մասին, Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները պոյքոթ ընելով հեռացան դատական նիստէն, ուստի ան յետաձգուեցաւ: Յաջորդ շաբաթ դատախազութիւնը կը ներկայացնէ մեղադրական եզրակացութիւնը:

2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններու գործով ամբաստանեալ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր նախկին երեք ենթականերու գործով դատավարութիւնը Դանիբեկեանի վարոյթով մեկնարկած է 2019-ի սեպտեմբերին։ Գործը մէկուկէս տարի է` չէ մտած հիմնական դատաքննութեան փուլ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն դատական նիստերը ձգձգելու համար, մասնաւորապէս, մեղադրող կողմը ամբաստանեալները մատնացոյց կ’ընէ տարատեսակ միջնորդութիւններով դատավարութիւնը ձգձգելու հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment