Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խաղի Ընթացքին Կանոնները Փոխել Կարելի Չէ. ԼՀԿ-Ն Կ’առաջարկէ Չփոխել Գործող Ընտրական Օրէնսգիրքը

Խաղի Ընթացքին Կանոնները Փոխել Կարելի Չէ. ԼՀԿ-Ն Կ’առաջարկէ Չփոխել Գործող Ընտրական Օրէնսգիրքը

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը կը վստահեցնէ, որ եթէ ընտրութիւններէն առաջ, խորհրդարանէն ներս «Իմ քայլը» ընդունի նոր Ընտրական օրէնսգիրք, ապա ԼՀԿ-ի հետ ունեցած բոլոր գործող պայմանաւորուածութիւնները ջուրը կ’իյնան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսաւ ԼՀԿ ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան՝ Դիմատետրի իր էջի ուղիղ հեռարձակմամբ՝ առաջարկելով ընտրութիւններէն առաջ խաղի կանոնները չփոխել:

«Մենք ասել ենք՝ եթէ օրէնսգիրքը փոխուի էլ, ընտրութիւններին մասնակցութեան մեր որոշումը չի փոխուելու, որովհետեւ ընտրութիւններն այլընտրանք չունեն, կը մասնակցենք ընտրութիւններին: Բայց խաղի ընթացքում խաղի կանոնները չի կարելի փոխել»,- ըսաւ Մարուքեան:

Ըստ ԼՀԿ-ի ղեկավարին, սակայն, մշակուած Ընտրական օրէնսգիրքը ամբողջութեամբ հում օրէնսգիրք է, եւ իրենք կ’առաջարկեն, որ այդ հում օրէնսգիրքը հիմա չընտրուի եւ անով չերթան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու: «Ընտրութեան օրը յայտարարելուց յետոյ չի կարելի փոխել գործող խաղի կանոնները: Նոր խաղի կանոններ ընդունելը նշանակում է ընտրութեան օրը կասկածի տակ դնել, հետեւաբար ճգնաժամը խորացնել երկրում»,- նշեց Մարուքեան:

Ամբողջական համամասնական ընտրակարգին անդրադառնալով՝ Մարուքեան ըսաւ, որ այդ կը նշանակէ, որ կուսակցութեան ղեկավարները կամ գոնէ կուսակցութեան խորհուրդները պիտի նշանակեն պատգամաւորներ: «Հետեւաբար, ժողովուրդը ընտրելու է կուսակցութեան՝ առաջնորդի համար, սակայն ընտրուելու են պատգամաւորներ, որոնց ժողովուրդը չի ընտրում»,- ըսաւ Մարուքեան:

ԼՀԿ-ն առաջարկած էր, որ ընտրութիւնները կատարուին համամասնական ընտրակարգով, բայց բաց ցուցակով, սակայն այդ առաջարկը չէր ընդունուած: «Մենք առաջակել էինք աւելի լաւ համակարգ, որը չի ընդունուել: Եթէ ուզենան հիմա ընդունել, Յունիսի 20-ին ընտրութիւն չի կարող լինել»,- նշեց Մարուքեան:

Ան շեշտեց, որ հետեւաբար պէտք է ձեռնպահ մնալ Ընտրական օրէնսգրքին ձեռք տալէն: «Եթէ Ընտրական օրէնսգիրքը բերուի, եւ «Իմ քայլը» միաձայն ընդունի, դա կը նշանակի, որ մեր հետ ունեցած բոլոր գործող պայմանաւորուածութիւնները ջուրն են լցնելու դրանով, որովհետեւ մենք պայմանաւորուել էինք, որ Յունիսի 20-ին անում ենք ընտրութիւններ, եւ ոչ մի բանին չենք միջամտում: Եւ դրանով սպասուող ընտրութիւնների օրինականութիւնը դրուելու է կասկածի տակ»,- եզրափակեց ԼՀԿ-ի ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ Յունիս 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարուելու մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 18-ին Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ հանդիպումէն, աւելի վաղ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, «Իմ քայլը» խմբակցութեան, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի հետ ունեցած քննարկումներէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment