Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատերազմէն Յետոյ Առաջին Անգամ Հայաստան Կը Կաատարէ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ

Պատերազմէն Յետոյ Առաջին Անգամ Հայաստան Կը Կաատարէ Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ

by MassisPost

Մարտ 16-ին մեկնարկելիք լայնածաւալ զօրավարժութիւններով Հայաստան նպատակ ունի ստուգել իր պաշտպանունակութիւնը, այսօր Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան։

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, առաջին անգամն է Հայաստանը կը կատարէ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ։ Ինչպէս յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, համազօրային, զօրատեսակներու եւ յատուկ զօրքերու ստորաբաժանումներու ընդգրկմամբ զօրավարժութիւններ պիտի կատարուին Զինուած ուժերու բոլոր գործողութեանց ուղղութիւններով։

«Իւրաքանչիւր զօրավարժութիւն ունի իր յստակ նպատակը․ դա անվտանգութեան, պաշտպանունակութեան, ունեցած միջոցների ընդհանուր օգտագործման եւ այլնի յստակեցումն է։ Կարող եմ նշել, որ այս պահին էլ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Զինուած ուժերը վերահսկում են իրավիճակը», – ըսաւ փոխնախարար Սարգսեան։

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, մինչեւ Մարտ 20-ը շարունակուելիք զօրավարժութիւններու նպատակն է ստուգել զօրքերու մարտունակութիւնը, օփերաթիւ օղակի կառավարման կարողութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ արագ գործելու ունակութիւնները։ Պիտի կատարուին մարտական հրաձգութիւններ, պիտի ընդգրկուին շուրջ 7,5 հազար զինծառայողներ, շուրջ 200 հրթիռային, ինքնամուղ-հրետանային եւ հրետանային, աւելի քան 150 հակաթանկային միջոցներ, շուրջ 100 զրահատեսակ, աւելի քան 90 հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, պիտի ներգրաւուին օդային յարձակման միջոցներ:

Հաղորդագրութիւնը չի յստակացներ՝ արդեօ՞ք խօսք կայ նաեւ անօդաչու թռչող հարուածային սարքերու մասին։

Բարձր տեխնոլոգիական (արհեստագիտութեան) արդիւնաբերութեան նախարար՝ Յակոբ Արշակեան նախորդ երկու շաբթուայ ընթացքին Դիմատետրի ու Թուիթըրի իր էջերով հրապարակեց հայաստանեան արտադրութեան հարուածային ԱԹՍ-ի փորձարկման տեսանիւթեր, որ, ըստ նախարարին, կարող է գործել մինչեւ 500 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ եւ կրել մինչեւ 12 քիլոկրամ պայթուցիկ։

Ռազմական փորձագէտ՝ Կարէն Յովհաննիսեանի խօսքով, նախորդ մէկ տարուայ ընթացքին, այս ամենալայնածաւալ զօրավարժութիւններն են, զորս Հայաստան կը կատարէ․ – «Սարքերու նման ընդգրկումը առաջին հերթին խօսում է նրա մասին, որ իսկապէս անցկացւում է լուրջ մարտավարական զօրավարժութիւն, որի նպատակը ոչ միայն ըստ էութեան զօրավարժութիւնն է, այլ նաեւ ուժի ցուցադրումն է։ Այսինքն՝ սա իւրայատուկ պատգամ է, որ պատերազմից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը արագ ոտքի են կանգնել եւ վերականգնել են իրենց ներուժը»։

Զուգահեռաբար այսօր՝ Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկել են քառօրեայ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ՝ մօտ հարիւր միաւոր թանկերու եւ այլ զրահատեսակներու, հրթիռային համակարգերու, օդուժի ու անօդաչու թռչող սարքերու ներգրաւմամբ։

«Ռիա Նովոսթ»ին այսօր հաղորդած է, որ այդ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին մօտ տասը հազար զինծառայողներ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն լրատուական գործակալութեան հաղորդած են, թէ տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան տեսանկիւնէն ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները վտանգաւոր չեն համարեր, քանի որ անոնք կը կրեն ծրագրային բնոյթ։

Քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրապեանի կարծիքով, հայաստանեան զօրավարժութիւնները նախ եւ առաջ կը կրեն քաղաքական ուղերձ, այն է՝ որ Հայաստանը ձեռնամուխ եղած է իր ռազմական կարողութեան արագ վերականգնման, որ պէտք է իր նշանակութիւնը վերագտնէ տարածաշրջանային զարգացումներուն մէջ․ – «Այն, որ յայտնի ելքով պատերազմից յետոյ ընդամէնը չորս ամիս անց Հայաստանում տեղի են ունենում լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւններ, արդէն իսկ մեծագոյն իրադարձութիւն է Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման ճանապարհին»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment