Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեան Վստահութիւն Յայտնեց, Որ Արտահերթ Ընտրութիւններու Պարագային Կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն Եւ Կը Յաղթէ

Քոչարեան Վստահութիւն Յայտնեց, Որ Արտահերթ Ընտրութիւններու Պարագային Կը Մասնակցի Ընտրութիւններուն Եւ Կը Յաղթէ

by MassisPost

Երեւանի մէջ ռուսական լրատուամիջոցներու համար կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, թէ չի ծրագրեր գլխաւորել որեւէ կուսակցութիւն թէեւ չի ալ բացառեր, որ նման հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ։ Սակայն երկրորդ նախագահը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց ընդդիմադիր շարժման, որ իր կարծիքով կարողացած է համախմբել հանրութիւնը։

Նախկին նախագահը միաժամանակ վստահութիւն յայտնեց, որ արտահերթ ընտրութիւններու պարագային ինքը կը մասնակցի այդ ընտրութիւններուն եւ կը յաղթէ։ «Եթէ արտահերթ ընտրութիւններ լինեն, կը մասնակցեմ։ Կարծում եմ՝ ես բաւականաչափ փորձառութիւն ունեմ դրա համար։ Արդեօք վստա՞հ եմ, որ կը յաղթեմ, յամենայնդէպս ընտրութիւններում երբեք չեմ պարտուել», – յայտարարած է Քոչարեան։

Արտահերթ ընտրութիւններու համար միայն մէկ մեքենականութիւն գոյութիւն ունի, այն է՝ վարչապետ Փաշինեան հրաժարական տայ, այնուհետեւ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը երկու անգամ վարչապետ չ’ընտրէ, որմէ յետոյ կը սկսի արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը, բացատրած է երկրորդ նախագահը։ Ռոպերթ Քոչարեան ըսած է, որ չի պատրաստուիր ստեղծել իր սեփական կուսակցութիւնը, կ’աջակցի արդէն իսկ ստեղծուած ընդդիմութեան ձեւաչափին, հասկցնելով, որ այդ ձեւաչափն ալ կ’ըլլայ իր քաղաքական հարթակը ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment