Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վազգէն Մանուկեան Ներգրաւուած Է Որպէս Մեղադրեալ

Վազգէն Մանուկեան Ներգրաւուած Է Որպէս Մեղադրեալ

by MassisPost

Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է, որով Վազգէն Մանուկեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ 301 յօդուածով (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը): Այս մասին յայտնեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ներկայացուցիչ՝ Գեղամ Մանուկեան:

Յիշեցնենք, որ շարժման վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան, Փետրուար 20-ին, Ազատութեան հրապարակի հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարած էր, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը:

«Ցանկացած պահ` դա կը լինի այսօր, դա կարող է լինել մէկ շաբաթ յետոյ, կարող է լինել 10 օր յետոյ, պէտք է պատրաստ լինել կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը», – ըսած էր Մանուկեան:

Այս յայտարարութիւններու մասով Ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment