Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան կը Ծրագրէ Առաջիկայ Օրերուն Հանդիպիլ Մարուքեանի Եւ Ծառուկեանի Հետ

Փաշինեան կը Ծրագրէ Առաջիկայ Օրերուն Հանդիպիլ Մարուքեանի Եւ Ծառուկեանի Հետ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէ արտահերթ ընտրութիւններու հարցի վերաբերեալ առաջիկայ օրերուն հանդիպումներ ունենալ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի հետ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Փաշինեան ըսած է Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, պատասխանելով անկախ պատգամաւոր՝ Արման Պապաճանեանի հարցին:

«Եթէ մեր խորհրդարանական ընդդիմութեան գործընկերներն ընդունեն առաջարկը (արտահերթ ընտրութիւնների վերաբերեալ յուշագրի ստորագրման- խմբ.), մենք կ’ունենանք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ համաձայնեցուած ժամկէտներում: Ես արդէն հրաւէր յղել եմ առաջին հերթին խորհրդարանական ընդդիմութեան ղեկավարներին եւ ես ծրագրում եմ առաջիկայ օրերին հանդիպել եւ յոյս ունեմ, որ այդ համաձայնութիւնը ձեռք կը բերուի»,- ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը նշեց, որ ընտրութիւններու կատարումը պէտք է ըլլայ համաձայնութեամբ, քանի որ չեն ցանկար առնել քայլեր, որոնք կը դիտարկուին «ի հեճուկս»-ի տրամաբանութեան մէջ:

«Մենք ընտրութիւնները դիտարկում ենք, որպէս հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու միջոց, ընտրութիւնը գործիք է այդ խնդիրը լուծելու եւ ժողովրդին արտայայտուելու հնարաւորութիւն տալու համար, որ ոչ միայն արտայայտուելու հնարաւորութիւն ունենան մեր այն սիրելի հայրենակիցները հնարաւորութիւն կամ ժամանակ ունեն մասնակցելու կառավարութեան կամ ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքներին, այլեւ հնարաւորութիւն ունենայ բոլորը՝ ընտրական տեղամաս գնալով եւ իրենց կամքն արտայայտելով: Կառավարութիւնը ու նաեւ քաղաքական ուժերը պէտք է լինեն երաշխաւորը, որ այդ ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան ազատ, արդար, օրինական պայմաններում»,- նշեց վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment