Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան կը Մնայ Ամենաբարձր Վարկանիշ Ունեցող Քաղաքական Գործիչը

Նիկոլ Փաշինեան կը Մնայ Ամենաբարձր Վարկանիշ Ունեցող Քաղաքական Գործիչը

by MassisPost

Ըստ «GALLUP International Association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէ կատարուած վերջին հարցման՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող քաղաքական գործիչը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հարցման արդիւնքները ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մօտ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՃԻ ՍՓԸ տնօրէն՝ Արամ Նաւասարդեան:

Հարցումը կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 2021-ի Փետրուար 15-էն-17-ը:

Նախ` հարցման մասնակիցներուն առաջարկուած է գնահատել քաղաքական գործիչներու հանդէպ վերաբերմունքը՝ 1-5 աստիճանոց սանդղակով:
ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ստացած է 2.8 աստիճան, նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ 2.3 աստիճան, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ 1.7 աստիճան, երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան՝ 2 աստիճան, երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան՝ 1.7 աստիճան, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեան՝ 2.2 աստիճան, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան՝ 1.8 աստիճան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Վանեցեան՝ 1.5 աստիճան, «Հայաստանի փրկութեան շարժման» առաջնորդ՝ Վազգէն Մանուկեան՝ 1.6 աստիճան:

Ան յայտնեց, որ նշուած բոլոր քաղաքական գործիչներն ալ միջինէն ցած գնահատական ստացած են, այսինքն՝ չկայ դրական տիրոյթին մէջ գնահատուած քաղաքական գործիչ:

Առկայ քաղաքական վիճակին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելը միանշանակ անհրաժեշտ համարած է հարցուողներուն 37.1 տոկոսը, «աւելի շուտ անհրաժեշտ է» տարբերակը ընտրած է 21.3 տոկոսը, «աւելի շուտ անհրաժեշտ չէ» նշած է 13.6 տոկոսը եւ «ընդհանրապէս անհրաժեշտ չէ» տարբերակը նշած է 19.7 տոկոսը: Այսպիսով՝ մօտ 58 տոկոսը պատասխանած է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւն կայ:

Քաղաքացիներուն նաեւ առաջարկուած են տարբերակներ, թէ արտահերթ ընտրութիւններու կատարման ո՞ր տարբերակը կը համարեն ընդունելի կամ ճիշդ: «41.2 տոկոսը նշած է, որ ընտրութիւնները պէտք է անցկացուեն Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, 28.2 տոկոսը նշել է, որ ընտրութիւնները պէտք է անցկացուեն առանց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեան եւ 7.9 տոկոսը նշել է, որ ընտրութիւնները պէտք է իրականացուեն ընդդիմութեան առաջարկած ժամանակաւոր կառավարութեան կողմից»,-ըսաւ Նաւասարդեան ու աւելցուց, որ այս հարցին դժուարացած է պատասխանել գրեթէ 14 տոկոսը, այլ տարբերակները եղած են 8.9 տոկոս:

Քաղաքացիներուն հարցուցած են նաեւ՝ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ըլլան առաջիկայ կիրակի օրը, ո՞ր կուսակցութեան կու տան իրենց ձայնը: «Իմ քայլը» խմբակցութեան» տարբերակը նշած է 33.1 տոկոսը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան՝ 4.4 տոկոսը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան՝ 2.6 տոկոսը, «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան» նշած է 2.2 տոկոսը, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութեան՝ 2.2 տոկոսը, «Հայրենիք» կուսակցութեան՝ 0.9 տոկոսը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան՝ 0.7 տոկոս, «Սասնայ ծռեր»՝ 0.4 տոկոս, «Քաղաքացու որոշման»՝ 0.2 տոկոս եւ այլն: Եղած են նաեւ անհատներով պատասխաններ, 5.6 տոկոսը նշած է, որ ձայնը կու տայ Ռոպերթ Քոչարեանին, 0.9 տոկոսը՝ Վազգէն Մանուկեանին: «Ոչ մէկուն չեն քուէարկեր» տարբերակը ընտրած է հարցուողներու 27.2 տոկոսը, այլ տարբերակները նուազ տոկոսներով են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment