Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ըստ Մակունցի՝ Թաւիշը Վերացնելու Քաղաքացիներու Պահանջքը Կը Վերաբերի Դատական Համակարգի Մէջ Փոփոխութեան

Ըստ Մակունցի՝ Թաւիշը Վերացնելու Քաղաքացիներու Պահանջքը Կը Վերաբերի Դատական Համակարգի Մէջ Փոփոխութեան

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցի կարծիքով՝ քաղաքացիներու կողմէն վարչապետին ուղղուած՝ թաւիշը վերացնելու պահանջքը առաջին հերթին կը վերաբերի դատական համակարգի մէջ փոփոխութիւններուն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մակունցը նման տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնը իր տուած խոստումը չի կատարեր եւ որ քաղաքացիները փակած են մայրուղին՝ վարչապետէն պահանջելով վերացնել թաւիշը:

«Ես կարծում եմ, որ այդ արտայայտութիւնն առաջին հերթին վերաբերում է դատական համակարգում փոփոխութիւններին: Այստեղ քաղաքացիներն ունեն արդարադատութիւն իրականացնելու պահանջներ»,-ըսաւ խմբակցութեան ղեկավարը:

Ան միեւնոյն ժամանակ կարեւոր համարեց հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ «թաւիշը վերացնել» արտայայտութիւնը: Մակունց յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները նկատի չունենան, օրէնքի դաշտէն դուրս ելլել, կատարել քայլեր, որոնք համատեղելի չեն օրէնքի եւ Սահմանադրութեան հետ:

Օրեր առաջ Գիւմրի-Երեւան ճանապարհին շարք մը համայնքներու բնակիչներ կանգնեցուցած էին վարչապետի շարասիւնը եւ աջակցութիւն յայտնած անոր՝ յորդորելով «վերացնել թաւիշը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment