Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է «Գորշ Գայլեր»-ու՝ Արցախի Գրաւեալ Տարածքներուն Նախագիծեր Իրագործելու Մտադրութեամբ

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է «Գորշ Գայլեր»-ու՝ Արցախի Գրաւեալ Տարածքներուն Նախագիծեր Իրագործելու Մտադրութեամբ

by MassisPost

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է «Թրքական ազգայնական շարժում» կուսակցութեան եւ անոր յարող ծայրայեղական նէոֆաշիստական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան՝ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն, մասնաւորապէս՝ Շուշիի մէջ որոշ նախագիծեր իրագործելու մտադրութեամբ։

Նշենք, որ Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը յայտարարած է Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու մտադրութեան մասին։ Կուսակցութեան ղեկավար՝ Տեւլեթ Պահչելին առաջին անգամ այդ մասին յայտարարած էր Յունուար 16-ին։ Ան ցոյց տուած էր դպրոցի նախագիծերուն լուսանկարները, ընկերային ցանցերով ալ գրած էր, որ եթէ երկրի նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան թոյլ տայ, Շուշիի մէջ 9 դասասենեակներով դպրոց կը կառուցեն, որ կարող է կոչուիլ Շուշի ծնած երգահան, Ատրպէյճանի օրհներգի հեղինակ՝ Ուզեյիր Հաճիպեյովի անունով։ Անոր գրառումէն երկու շաբաթ չանցած թուրք ազգայնականներու պատուիրակութիւնը Պաքու էր ծրագիրները տեղւոյն վրայ քննարկելու համար։

«Փանթուրքիզմի եւ նէոֆաշիզմի գաղափարախօսութիւն քարոզող եւ ահաբեկչութիւնը որպէս նպատակների իրականացման հիմնական միջոց օգտագործող արտաքին ուժերի ցանկացած ձեւով ներկայութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներում ծայրաստիճան մեծ վտանգ է ներկայացնում ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան, այլեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար», – յայտնած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շարունակելով․ – «Այն փաստը, որ այդ ուժերը բռնագրաւուած Շուշիում իրենց նախագծերի իրականացման համար ստացել են Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հաւանութիւնը, վկայում է Անգարայի եւ Պաքուի՝ տարածաշրջանում եւ հարեւան երկրներում լարուածութեան օջախներ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ, համապարփակ, արդար կարգաւորմանն ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերը խափանելու ծրագրերի մասին»։

Արցախի արտաքին գերատեսչութեան համոզմամբ՝ ծայրայեղ աջ նէոֆաշիստական ուժերու տեղափոխումը Արցախի գրաւեալ տարածքներ, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ զինուած յարձակման ժամանակ միջազգային ահաբեկիչներու օգտագործումը ոչ միայն Արցախի ու Հարաւային Կովկասի, այլեւ անոնց սահմաններէն դուրս գտնուող տարածաշրջաններու նկատմամբ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոյն շղթայի օղակներն են։

«Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնն արժանի է ամենախիստ դատապարտման եւ պահանջում է, որ միջազգային հանրութիւնը, շահագրգիռ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները համապատասխան անյապաղ քայլեր ձեռնարկեն` ուղղուած նման ապակառուցողական նախաձեռնութիւնների կանխմանն ու կասեցմանը», – ըսուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը, Նոյեմբերի սկիզբին, պաշտօնապէս արգիլեց «Գորշ գայլեր»ու գործունէութիւնը երկրի տարածքին վրայ։

«Այս կազմակերպութիւնը խտրականութիւն եւ ատելութիւն կը տարածէ, իսկ անոր անդամները ներգրաւուած են բռնի գործողութիւններու մէջ», – Թուիթըրով գրած էր Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար՝ Ժերալտ Տարմանեն։

«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը ֆրանսացի իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած էր Լիոնի մէջ տեղի ունեցած շարք մը հակահայկական բնոյթի միջադէպերէ յետոյ։ Անոնցմէ մէկուն ընթացքին, յարձակման ենթարկուած էին Լիոն ապրող հայերը, որու հետեւանքով չորս մարդ վիրաւորուած էր։ Թուրք ազգայնականները նաեւ պղծած էին Լիոն գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment