Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զէնքի Առքուվաճառքի Քորուփցիայի Գործով ԱԱԾ-Ը Բերման Ենթարկած Է Դաւիթ Գալստեանը

Զէնքի Առքուվաճառքի Քորուփցիայի Գործով ԱԱԾ-Ը Բերման Ենթարկած Է Դաւիթ Գալստեանը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բերման ենթարկած է Հայաստանին զէնք մատակարարող Դաւիթ Գալստեանը։ «Փաթրոն Դաւո» մականունով Դաւիթ Գալստեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի խորհրդականն էր:

Ըստ ԱԱԾ-ին` «Մոսսթոն էնճինըրինկ» ընկերութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Գալստեան Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կնքած է պայմանագիր եւ պարտաւորուած 2018 թուականին, բանակին մատակարարել 1983-86 թուականներու արտադրութեան հրանօթի համապատասխան տրամաչափի արկեր: Բայց մատակարարած է 1977 թուականի չեխական արտադրութեան մէկ այլ տեսակի հրանօթի արկեր, որ էապէս զիջած է մարտավարական յատկանիշներով եւ կիրառելու պարագային անհնար եղած է լուծել մարտական խնդիրներ։

Ըստ ԱԱԾ-ին՝ Դաւիթ Գալստեանի ընկերութիւնը Պաշտպանութեան նախարարութենէն այս գործարքի դիմաց ստացած է մէկ միլիոն տոլարէն աւելի գումար:

«Ինքը յայտնի «Փաթրոն Դաւոն է»: «Փաթրոն Դաւոյի» մասին գոնէ ինձ չէք կարող մեղադրել, որ ես չեմ խօսել, խօսել եմ միշտ եւ կարծում եմ, որ պարզուեց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հո սա մի օրում չեղաւ, ունի լուրջ ուսումնասիրութիւններ, իսկ առաւել եւս հիմա` յետպատերազմեան շրջանում, նման դրսեւորումները ոչ միայն պէտք է բացայայտուեն, պէտք է բացայայտուեն ամբողջ խորութեամբ», – ըսած է ԱԺ Պաշտպանութեան ու անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահը: Անդրանիկ Քոչարեան այս քորուփցիայի բացայայտումէն զարմացած չէ։ Զէնքի առքուվաճառքով զբաղող Դաւիթ Գալստեանի անունը մամլոյ էջերով խայտառակութեամբ նոր չէ յայտնուած, ըսած է։ Ան բանակի զէնքի մատակարարն էր դեռ նախկին իշխանութիւններու ժամանակներէն, յիշեցուցած է Քոչարեան:

«Փաթրոն Դաւոն» նոր չի յայտնուել, նա եղել է շատ անյիշելի ժամանակից եւ անյիշելի ժամանակից սկսած կարողացել է ունենալ նաեւ հովանաւորներ տարբեր իշխանութիւնների մէջ», – նշած է պատգամաւորը:

Եթէ Դաւիթ Գալստեանի կասկածելի գործարքներէն քաջատեղեակ էին, ինչո՞ւ ան դարձաւ քորուփցիան գլխատելու խոստումներ տուող Փաշինեանի կառավարութեան գլխաւոր գործընկերը։

«Ոչ, նա Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր գործընկերն է եղել անյիշելի ժամանակից, աւելին` լաւ կը լինէր, որ այս գործը բացայայտուած լինէր մինչեւ Դաւիթ Տօնոյեանը կամ դրանից առաջ, բայց դրանից առաջ դա անհնար էր, որովհետեւ «Փաթրոն Դաւոն» այն հիմնական բանակի մատակարարն էր, որի միջոցով շատերը երջանիկ են եղել իր հետ նման գործողութիւնների մասնակից լինելու համար», – ըսած է Անդրանիկ Քոչարեան:

Ըստ իշխանական պատգամաւորին՝ այս բացայայտումը հնարաւոր եղած է Պաշտպանութեան նախարարութեան ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարներու պաշտօնանկութենէն յետոյ։ Այսպիսի գործարքը չէր կրնար տեղի ունենալ առանց բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աջակցութեան, ըսած է Անդրանիկ Քոչարեան. «Ինքը նման գործողութիւն քորուփցիան չի կարող լինել առանց լուրջ պաշտօնական աջակցութեան, պաշտօնեաների աջակցութեան, այսպէս ասեմ: Այնպէս որ, սպասենք սրա զարգացումներին»:

«Ազատութիւն»ի հարցին թէ այդ աջակցութիւնը չի՞ հասնիր մինչեւ վարչապետ, օրինակ:

Քոչարեան պատասխանած է – «Ո՛չ, ո՛չ, եթէ հասնէր մինչեւ վարչապետ, այս քրէական գործը հաստատ չէր լինի»:

2018 թուականի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն գլխաւոր շտապի ղեկավար՝ Արտակ Դաւթեան վստահեցուցած է, թէ տեղեակ չէ՝ ինչի մասին է խօսքը։ Ան ըսած է,-« ԱԱԾ-ն յստակ չի նշել, որ ամսին է այս զէնքը ընդունուել», իսկ ինք պաշտօնը ստանձնած է Յունիսին. «Այնքան շատ են դրանք եղել, որ ինչ-որ բան ասել, մենք նման կարգի միջոցներ ընդունել ենք ինձանից առաջ, իմ ժամանակ, ինձանից յետոյ, նենց որ ինչ-որ բան հիմա կատարել ա… ես դրա համար ասացի` ո՞ր ամսուայ մասին է»:

Գլխաւոր շտապի նախկին պետը հրաժարած է պատասխանելէ, թէ զինք հարցաքննութեան կանչա՞ծ են, թէ ոչ։ Ան ըսած է, թէ գլխաւոր շտապի ենթակայութեամբ գործող յանձնաժողովը զէնքը կ’ընդունէր, կ’ուսումնասիրէր պիտանելիութիւնն ու համապատասխանութիւնը պայմանագիրին։ Եթէ չի համապատասխաներ, կը վերադարձնեն։ Ըստ իրեն` ասիկա այնպիսի մեծ գործարք չէ, որ յատուկ յիշէր, թէ իր օրօք ընդունուած է, թէ ոչ. «Թէկուզ մէկ միլիոն տոլար այդ գործարքների համար, դա մեծ գումար չէ տոկոսային առումով: Կը լինի դատարանի որոշում, որ այո, եղել է, ուրեմն դրա համար էլ իշխանութիւնն աշխատում է, կը լինի դատավարութիւն: Կարող է դատարանը գտնի, որ ինչ-որ բան այնպէս չէ, որոշումն այլ կերպ կայացնի»:

Դաւիթ Գալստեանին պատկանող ընկերութիւններու զէնքի մատակարարման չարաշահումներով ԱԱԾ-էն ներս չորս քրէական գործ յարուցուած է։ ԱԱԾ-ն միջնորդած է, որ Գալստեան կալանաւորեն։ Այս գործով Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին ու ներկայ պաշտօնեաներուն մեղադրանք առաջադրուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը լռէ։ Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ կապուիլ կարելի չեղաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment