Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերջին Շրջանին Համացանցով Կրկին կը Տարածուին Բանակին Առնչուող Նիւթեր, Որոնք Իրական Հիմք Չունին, կը Յայտնէ ԼՂ ՊՆ-ը

Վերջին Շրջանին Համացանցով Կրկին կը Տարածուին Բանակին Առնչուող Նիւթեր, Որոնք Իրական Հիմք Չունին, կը Յայտնէ ԼՂ ՊՆ-ը

by MassisPost

Վերջին շրջանին համացանցով կրկին կը տարածուին բանակին առնչուող նիւթեր, որոնք չունին որեւէ իրական հիմք, ամբողջովին մտացածին են եւ նպատակ ունին արատաւորել յետ պատերազմական բարդ պայմաններու մէջ իր խնդիրը կատարող կառոյցի հեղինակութիւնը, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Մասնաւորապէս, ըստ Պաշտպանութեան Բանակին, համացանցի տարբեր օգտատէրեր կը տարածեն տեղեկատւութիւն, իբր թէ 15 հայ զինուորի գերեվարուելու մասին, 44-օրեայ պատերազմի որոշ դրուագներու եւ պատերազմին յաջորդած դիրքային փոփոխութիւններու հետ կապուած, շահարկելով նաեւ Ն զօրամասի հրամանատար, գնդապետ՝ Գոռ Իշխանեանի անունը:

«Հաշուի առնելով ժողովրդի զգայունութիւնը բանակին առնչուող ցանկացած նորութեան նկատմամբ՝ կրկին հաւաստում ենք, որ բանակի որեւէ զինծառայող ոչ այս, ոչ նախորդող օրերին չի գերեվարուել, պատերազմի ընթացքում գնդապետ Գ.Իշխանեանի հրամանատարութեամբ գործող զօրամասը առաջադրուած խնդիրները կատարել է բացառապէս վերադաս հրամանատարութեան հրամանների եւ ցուցումների հիման վրայ, մարտական գործողութիւնների ընթացքում հակառակորդին չի յանձնել նոյնիսկ մէկ դիրք, իսկ պատերազմից յետոյ յետ քաշուելը /նաեւ այնպիսի տարածքներից, որտեղ եղել են հրամանատարական կէտեր եւ ամրաշինական կառոյցներ/ պայմանաւորուած է եղել եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները կեանքի կոչելու անհրաժեշտութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը «խնդրում է փոքր ինչ աւելի պատասխանատու լինել սեփական խօսքի նկատմամբ`հաշուի առնելով, որ նման ստայօդ լուրերի տարածումը բնաւ չի նպաստում հայրենիքի պաշտպանունակութեան ամրապնդմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment