Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանը կը Քննէ Վահան Պատասեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

Դատարանը կը Քննէ Վահան Պատասեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Արցախի ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր՝ Վահան Պատասեանի պաշտպան՝ Արայիկ Պապիկեան «Ազատութիւն»ին տեղեկացուց, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Պատասեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան։

Պատասեան կը մեղադրուի իշխանութիւնը զաւթելու, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր հնչեցնելու յատկանիշներով։

«Մեր համոզմամբ, վարոյթն իրականացնող մարմինը նրա ներկայացրածը ճիշդ չի մեկնաբանել, ակնյայտ իրեն չվերաբերող քրէական հետապնդում է սկսել», – ըսաւ Պապիկեան։

Պաշտպանը նաեւ յայտնեց, որ Պատասեան չ’ընդունիր մեղադրանքը եւ աւելին՝ այնտեղ քաղաքական հետապնդում կը տեսնէ․ – «Մեր կարծիքով, նաեւ պարոն Պատասեանին կարծիքով, դա աւելի շատ քաղաքական հետապնդման տարրեր է իր մէջ պարունակում, իրեն՝ որպէս հանրային անձի, լռեցման փորձ է կատարւում»։

Դիտարկման, թէ Պատասեան սպառնալի յայտարարութիւն հնչեցուցած է, եւ հարցին, թէ ինչպէս  Պատասեան ինքը կը մեկնաբանէ այդ, պաշտպանը արձագանգեց․ – «Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ պարոն Պատասեանը, օգտուելով իր իրաւունքից, դեռեւս ցուցմունք չի տուել, եւ ձեր նշած հարցի վերաբերեալ ինքը իր դիրքորոշումը յայտնել է մեր խորհրդապահական զրոյցի ժամանակ, այսօր հաւանաբար դատարանում կը ներկայացնի իր տեսակէտը, իր դիրքորոշումը»։

Երէկ՝ Յունուար 28-ին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը լրագրողներու հարցերուն պատասխանած ատեն, Պատասեան վարչապետը զէնքով վերացնելու կոչեր հնչեցուցած էր՝ չթաքցնելով, որ կը գիտակցի, որ այդ յայտատարութեան համար զինք կը ձերբակալեն։

«Սպառնալիքի կոչեր եմ անում, եւ գիտակցաբար եմ անում։ Թող ինձ ԱԱԾ-ն ձերբակալի․․․ Ինքը [Փաշինեանը] պէտք է վերանայ եւ հեռանայ», – ըսած էր Պատասեան։

Այն հարցին, իսկ եթէ չհեռանա՞յ, պատասխանած էր․ – «Ուրեմն կը հեռացնենք․․․ ֆիզիքապէս։ Այո, զէնքով»։

Պատասեան նոյն օրը բերման ենթարկուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն ու ձերբակալուած:

Պաշտպանը յայտնեց, որ դատարանը Պատասեանի կալանքի միջնորդութիւնը այսօր կը քննէ։

Մինչդեռ Քննչական կոմիտէէն կը յայտնեն, որ երէկ Կառավարութեան շէնքին տիրանալու փորձ կատարելու կասկածանքով 5 անձ ձերբակալուած է, շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութեան, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելու փորձի յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։ Թէ որո՞նք են ձերբակալուած անձերը, նախաքննական մարմինէն դեռ չեն յայտնած։

«2021 թուականի Յունուար 28-ին` ժամը 17:00-ի սահմաններում, Երեւան քաղաքի Հանրապետութեան հրապարակում նախապէս յայտարարուած հաւաքի ընթացքում, մի խումբ անձանց կողմից, նախնական համաձայնութեամբ, ՀՀ կառավարութեան շէնքը զաւթելու փորձ է արուել», – ըսուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։

Կառավարութեան շէնքի առջեւ քաղաքացիները երէկ իշխանափոխութեան պահանջով հաւաքուած էին եւ փորձած էին շէնք մտնել, որու հետեւանքով բախում առաջացած էր։

Նշենք, որ  աւելի ուշ   դատարանը  հրապարակեց    Վահան  Պատասխեանը  կալանաւորելու վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment