Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յարութիւնեանն Ու Շոյկուն Քննարկած Են ՀՀ-ի Անվտանգային Խնդիրներու Լուծման Ընթացքը

Յարութիւնեանն Ու Շոյկուն Քննարկած Են ՀՀ-ի Անվտանգային Խնդիրներու Լուծման Ընթացքը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը Փետրուար 1-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ռուս գործընկերոջ հետ, կը յայտնէ հայկական կողմը: Ըստ Պաշտպանութեան Նախարարութեան` ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ զրոյցի ընթացքին, Վաղարշակ Յարութիւնեանն ու Սերկէյ Շոյկուն քննարկած են նախորդ շաբաթ կայացած հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ուղղութիւններով շտապային բանակցութիւններու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յետ պատերազմեան շրջանին Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու լուծման ընթացքը։

Վաղարշակ Յարութիւնեան գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան կապակցութեամբ, յատուկ նշելով, որ անոր արդիւնաւէտութեան լաւագոյն վկայութիւնը զինադադարի գրեթէ լիարժէք պահպանումն է, որու շնորհիւ նախորդող՝ Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն լուրջ արտակարգ միջադէպեր չեն արձանագրուած, բացառութեամբ Արցախի պաշտպանութեան բանակի մէկ զինծառայողի վիրաւորման դէպքին։

Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու հետ կապուած խնդիրներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment