Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Ահաբեկչութեամբ Մեղադրած է Ղարաբաղեան Պատերազմին Մասնակցած Երկու Հայազգի Լիբանանցիներու

Ատրպէյճան Ահաբեկչութեամբ Մեղադրած է Ղարաբաղեան Պատերազմին Մասնակցած Երկու Հայազգի Լիբանանցիներու

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ քրէական գործ յարուցուած է Լիբանանի երկու քաղաքացիներու դէմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցելու համար, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու իր աղբիւրներուն։

Լրատուամիջոցի տուեալներով՝ Յակոբ Աբրահամի Թերզեան եւ Յակոբ Խաճիրեան կը մեղադրուին շարք մը ծանր յանցանքներով, ներառեալ՝ ահաբեկչութեան մէջ։

Թէ երբ եւ ինչ պայմաններով ձերբակալուած են հայազգի Լիբանանի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment