Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փետրուարի-Մարտ Ամիսներուն Հայաստանի Բնակչութեան 3 Տոկոսը Պատուաստ Պիտի Ստանայ «Քորոնա»-ի Դէմ

Փետրուարի-Մարտ Ամիսներուն Հայաստանի Բնակչութեան 3 Տոկոսը Պատուաստ Պիտի Ստանայ «Քորոնա»-ի Դէմ

by MassisPost

Նախնական տուեալներով` արդէն փետրուարի կէսերուն կամ մարտի սկիզբը Հայաստանի բնակչութեան երեք տոկոսը կարող է պատուաստ ստանալ քովիտի դէմ: Առաջին փուլով կը պատուաստուին տարեցներու խնամքի կեդրոններու բնակիչներն ու աշխատակիցները, բուժաշխատողները, ընկերային խնամքի կեդրոններու աշխատակիցները, 65 եւ բարձր տարիքի անձինք, 16-էն 64 տարեկան քրոնիկ հիւանդները։ Հայաստանը ձեռք կը բերէ բրիտանական «AstraZeneca» ընկերութեան պատուաստը:

Մինչ «AstraZeneca»-ի Հայաստան հասնիլը, չի բացառուիր այլ պատուաստի ներմուծումը, քանի որ բանակցութիւնները աշխոյժ ընթացքի մէջ են։ Մասնաւորապէս, Հայաստանը ռուսական «Sputnik V» պատուաստի 60 դեղաչափ օգնութիւն ստացած է  30 հոգիի համար, եւս հազարը կը ստանան, այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան մեծ քանակի գնումներու համար։ Պատուաստումները պարտադիր բնոյթ պիտի չկրեն, պատուաստ կը ստանան անոնք, որոնք ունին ցանկութիւն։ «AstraZeneca»-ի մէկ դեղաբաժինը Հայաստանը ձեռք պիտի  բերէ 4 տոլարով, «Sputnik V»-ի մէկ դեղաչափը կ’արժէ 10 տոլար, չինական պատուաստանիւթը՝ 15-20, «Pfizer»-ը՝ 25-30, «Moderna»-ն՝ 30 տոլար։

Դատելով քաղաքացիներու մէջ տիրող տրամադրութիւններէն, որոնք նաեւ ընկերային ցանցերուն մէջ տեղ գտած են, ոչ բոլորը կը ցանկան պատուաստուիլ քովիտի դէմ։ Առողջապահութեան նախարարութեան դիմատետրի էջով, օրինակ, շատերը դժգոհած էին «AstraZeneca»-ի ցած գինէն՝ ենթադրելով, որ պատուաստը որակեալ չի կրնար ըլլալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment