Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տնտեսութեան Նախարարութիւնը Դէմ Է Քարանթինը Երկարաձգելու Ներկայացուած Նախագիծին

Տնտեսութեան Նախարարութիւնը Դէմ Է Քարանթինը Երկարաձգելու Ներկայացուած Նախագիծին

by MassisPost

Տնտեսութեան  նախարարութիւնը դէմ է քարանթինը վեց ամիսով երկարաձգելու Առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցած նախագիծին։

Թէեւ Առողջապահութեան նախարարութենէն կը պնդեն, որ կառավարութիւն ուղարկուած նախագիծին մէջ նոր փոփոխութիւններ չկան, այդուհանդերձ տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան, երէկ Յունուար 7-ին, Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին կարճ արձագանգած է, թէ ինչո՞ւ դէմ են նախագիծին:

«Մենք դէմ ենք այդ որոշմանը: Իրականում Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը մի քիչ շտապել է, որովհետեւ այդ որոշումը չի քննարկուել Տնտեսութեան նախարարութեան հետ, դա առաջարկ է: Մենք դա կը քննարկենք եւ միայն շատ ծանրակշիռ փաստարկների դէպքում կը կարողանանք որոշակիօրէն այդ առաջարկի որոշ կէտերի հետ համաձայնուել, բայց այն, որ տնտեսութեանը հիմա ամենաշատն է անհրաժեշտ թթուածին, դա միանշանակ է եւ պէտք է ամէն ինչ անենք, որ տնտեսութիւնը հնարաւորինս բաց աշխատի», – նշած է Քերոբեան:

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան, արձագանգելով նախարար՝ Քերոբեանի մտահոգութեան, թէ ձեռնարկատիրութեան թթուածին պէտք է, գրած է. «Անցած ամիսներին էլ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ բուժուող անձանց էր թթուածին անհրաժեշտ, ինչն Առողջապահութեան նախարարութեան ջանքերով ապահովուել է: Մենք լիայոյս ենք, որ Տնտեսական նախարարութիւնը եւս ջանք չի խնայի տնտեսութեանը թթուածնով ապահովելու համար` առանց հիւանդների թիւը աւելացնելու, ինչպէս նաեւ նրանց բուժման համար անհրաժեշտ թթուածնի մատակարարումը խաթարելու»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment