Թրքական Hurriyet գրած է, որ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած պայմանաւորուածութեան, յոյս յայտնելով, որ Հայաստան չի խախտեր հրադադարը։
Չաւուշօղլուն նշած է, թէ այդ պայմանաւորուածութեան հետեւանքով վերջապէս Թուրքիան կարող է յարաբերութիւններ կարգաւորել Հայաստանի հետ։ «Հայաստանը եւ Հայաստանի ժողովուրդը այդ կարգաւորումէն միայն կը շահին», ըսած է Չաւուշօղլուն։