Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Քարանթինը 6 Ամիսով Կ’երկարաձգուի. ԱՆ Խօսնակ

Հայաստանի Մէջ Քարանթինը 6 Ամիսով Կ’երկարաձգուի. ԱՆ Խօսնակ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ քարանթինը եւս 6 ամիսով կ’երկարաձգուի: Այս մասին «Ազատութիւն»-ը յայտնած է առողջապահութեան նախարարի խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան։

4-ամսեայ քարանթինը մինչեւ Յունուար 11 սահմանուած էր անցեալ Սեպտեմբերին՝ մինչեւ այդ 6 ամիս գործող արտակարգ դրութեան փոխարէն։ Երկարաձգելու նախագիծը Առողջապահութեան նախարարութիւնը տարեվերջին ուղարկած է Կառավարութեան։ Առաջիկայ աշխատանքային օրը Յունուար 8-ն է, վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան ըսաւ՝ ամենայն հաւանականութեամբ, ուրբաթ օր գործադիրը կը հաստատէ զայն։

Ըստ Ալինա Նիկողոսեանին, առաջարկը ըրած են հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած համաճարակային իրավիճակը։ «Օրական կտրուածքով մենք ունենում ենք հարիւրաւոր դէպքեր, այդ իսկ պատճառով քարանթինը երկարացւում է», – նշեց Նիկողոսեան։

Առողջապահութեան նախարարի խօսնակը ըսաւ, որ Կառավարութեան ուղարկուած նախագիծին մէջ փոփոխութիւններ չեն առաջարկած, երբ հաստատուի, գործող հակահամաճարակային կանոնները կը մնան ուժի մէջ՝ դեռ կէս տարի ալ պարտադիր է բաց եւ փակ տարածքներուն մէջ դիմակներ կրելը եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելը։ Չհետեւողներուն ոստիկանութիւնը կարող է տուգանել։

Իշխանութիւնը մտադիր չէ սահմանափակել հաւաքներ կատարելը։ Բայց վարչապետի խօսնակը չբացառեց, եթէ թիւերու աճ եղաւ, պիտի ըլլան նաեւ խստացումներ, չմանրամասնելով, թէ յատկապէս ինչպիսի։ «Այս պահին նախագծով նախատեսուած չէ, որ կանոնների խստացում կամ թեթեւացում լինի։ Դէ հետագայում արդէն թողնենք հետագայի վրայ, յուսով ենք, որ դրա անհրաժեշտութիւնը չի ծագի», – ըսաւ Գէորգեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment