Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Տարին Կը Դիմաւորենք Սգաւոր Ու Վիրաւոր

Նոր Տարին Կը Դիմաւորենք Սգաւոր Ու Վիրաւոր

by MassisPost

2020 տարուայ սկզբնաւորութեան մեր բարեմաղթանքները ոչ միայն չիրականացան, ընդհակառակը մարդկութիւնը ապրեցաւ ահաւոր ծանր ու տագնապալի օրեր, իսկ Հայութիւնը բոլորեց դժբախտութիւններու ու կորուստներու տարի մը:

Տարին սկսաւ Չինաստանի Ուհան նահանգին մէջ յայտնաբերուած ժահրի մը մասին լուրերով, որ սկզբնական շրջանին անտեսուեցաւ այլ երկիրներու կողմէ: Շատ չանցած համաճարակը պատեց ամբողջ աշխարհը` վարակելով 60 միլիոն երկրագունդի բնակիչներ ու խլելով մօտ երկու միլիոն մարդկային կեանքեր: Որպէս արդիւնք, աշխարհի տնտեսութիւնը հասաւ քայքայման եզրին ու մարդիկ մատնուեցան աղքատութեան: Գիտութիւնը գործի անցնելով կարողացաւ մրցանիշային ժամանակուայ մէջ գտնել ժահրի դէմ պատուաստը, յոյսի նշոյլներ տալով, որ յառաջիկայ ամիսներուն կամաց-կամաց պիտի կարողանանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին:

Համաճարակը չխնայեց նաեւ Հայաստանը ու մեր ժողովուրդը մատնուեցաւ առողջապահական, տնտեսական ու ընկերային բազում դժուարութիւններու, որոնք կը շարունակուին տակաւին:

Սփիւռքի տարածքին կանգ առաւ մեր ազգային կեանքը ու փակուեցան ու անգործութեան մատնուեցան կրթական, մշակութային, մարզական ու եկեղեցական հաստատութիւնները, կրելով նիւթական մեծ վնասներ:

Այս բոլորը դժուարութիւնները սկսած էինք ձեւով մը յաղթահարուիլ երբ Հայութեան պարտադրուեցաւ նոր պատերազմի մը արհաւիրքը: Ատրպէյճանի բանակը, մեր դարաւոր թշնամիի` Թուրքիոյ օժանդակութեան լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախեան Հայրենիքի ուղղութեամբ: 44 օրուայ դաժան մարտերէն ետք, մեզի պարտադրուեցաւ ստորագրել զինադադարի համաձայնագիր մը, որ համազօր էր պարտութեան: Զիջեցանք Արցախի հողերու մեծ մասը ու տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցներ դարձան գաղթական ու անտուն: Կորսնցուցինք երիտասարդ զինուորներու ամբողջ սերունդ մը, որոնք նահատակուեցան պաշտպանելով հայրենի հողը:

Պատերազմի աւարտին ալեկոծուեցաւ Հայաստանի ներքին կեանքը ու պառակտուեցաւ հասարակութիւնը: Քաւութեան նոխազ դարձաւ երկրի ղեկավարը, որուն հագցուեցաւ «դաւաճանի» պատմուճանը: Հրաժարականի, իշխանափոխութեան ու բռնութիւններու կոչեր սկսան հնչել բոլոր անոնց կողմէ, որոնք քսան տարի անտեսած էին բանակաշինութեան գործը՝ վազելով սեփական հարստութիւն դիզելու ետեւէն: Հայաստանի քաղաքացիները գիտակցելով պատերազմի ընթացքին կրած պարտութեան մէջ իւրաքանչիւրի պատասխանատուութեան չափաբաժինը, ընթացք չտուաւ այդ կոչերուն, նախընտրելով սպասել պատեհ առիթի, երբ առիթ կ՛ունենայ հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններու միջոցաւ կայացնելու իրենց որոշումը ու արտայայտելու՝ ազատ կամքը:

Միջին Արեւելքի մեր համայնքները ու յատկապէս լիբանանահայութիւնը ենթարկուեցաւ մեծ ցնցումներու: Երկրի դիմագրաւած ծանր տագնապներուն վրայ եկաւ աւելնալու ահաւոր պայթում մը, որ կործանեց մայրաքաղաք Պէյրութը, ներառեալ հայկական թաղամասերն ու հաստատութիւնները: Հայաստանամերձ մեր գաղութները, որոնք կը նկատուէին սփիւռքի բաբախող սիրտը, շարունակեցին նօսրանալ քանակով ու որակով ու սփիւռքի ծանրութեան կեդրոնը սկսաւ փոխադրուիլ աւելի հեռաւոր երկիրներ, ուր ձուլումի եւ ուծացման վտանգը շատ աւելի մեծ է:

Տագնապալի օրեր ապրեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգ-ները, ուր ընկերային արդարութեան պահանջով միլիոնաւոր երիտասարդներ փողոց դուրս եկան աւելի արդար հասարակարգի մը պահանջով: Համապետական ընտրութիւններուն պարտութիւն կրելով, գործող նախագահը մերժեց ընդունիլ իր պարտութիւնը ու դիմեց հակաօրինական եւ հակա-սահմանադրական բոլոր տեսակի հնարքներուª շրջելու ժողովուրդի կամքը ու մնալու աթոռին: Ամերիկան կորսնցուց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան ոստանի իր համբաւը:

Ահաւասիկ, այսպիսի պայմաններու տակ հրաժեշտ կու տանք անցնող տարուան, որ աղետաբեր եղաւ յատկապէս Հայութեան համար: Սուգը պատեց մեր Հայրենիքը ու ժողովուրդը մատնեց յուսախաբութեան: Սակայն, ինչպէս եղած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին անգամ մը եւս պարտաւոր ենք մեր վէրքերը դարմանելու ու դարձեալ ոտքի ելլելու:

Թող Նոր Տարին ըլլայ սկիզբ` Հայաստանը եւ Արցախը վերականգնելու, սփիւռքը համախմբելու եւ նայելու դէպի աւելի լուսաւոր ու փայլուն ապագայ մը:

«ՄԱՍԻՍ» ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment