Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Դրամատան Կանխատեսմամբ` 2021-ին Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աճը կը Գերազանցէ 3 Տոկոսը

Համաշխարհային Դրամատան Կանխատեսմամբ` 2021-ին Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աճը կը Գերազանցէ 3 Տոկոսը

by MassisPost

«2020 թուականը Հայաստան կը փակէ 8 տոկոս տնտեսական անկմամբ», – կը պնդեն Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) փորձագէտները։ Նախօրէին ֆինանսական այս ազդեցիկ կառոյցի հրապարակած «Համաշխարհային տնտեսութեան հեռանկարները» կոչուող ծաւալուն զեկոյցէն սակայն, պարզ կը դառնայ, որ 2021 թուականին հայաստանեան տնտեսութիւնը վերականգնման որոշակի առիթներ ունի։ ՀԴ վերլուծաբաններու կանխատեսմամբ` նոր մեկնարկած տարուան մէջ Հայաստանի տնտեսութիւնը կարող է աճիլ շուրջ 3,1 տոկոսով։

Ի դէպ, ըստ ՀԴ հրապարակած տուեալներուն, 2020-ին տնտեսական անկման ծաւալներով Հայաստան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջատարներէն մէկն էր։ 2020 թուականին Հայաստանէն վատ տնտեսութեան վիճակ եղած է միայն Մոնթենեկրոյի, Խորուաթիոյ, Քոսովոյի եւ Խրխզիստանի մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի անմիջական հարեւաններուն, ապա Համաշխարհային դրամատան տուեալներու համաձայն, նախորդ տարի տնտեսութեան անկումը Վրաստանի մէջ 6, իսկ Ատրպէյճանի՝ 5 տոկոս կազմած է ։ Այս տարի արդէն, ըստ դրամատան փորձագէտներուն, վրացական տնտեսութիւնը կարող է շուրջ 4 տոկոսի աճ ապահովել։

Վերջին տարիներուն տնտեսական աճի աննշան ընթացք ապահովող Ատրպէյճանի մէջ այդ միտումը կը պահպանուի նաեւ 2021-ին։ Համաշխարհային դրամատան կանխատեսմամբ, Ատրպէյճանի տնտեսութեան աճը այս տարի չի գերազանցեր 2 տոկոսը։

Դրամատան մասնագէտներու գնահատմամբ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, նախորդ տարի արձանագրուած կտրուկ անկման գլխաւոր պատճառները երկու էին՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծագած պատերազմը։ Ընդհանրապէս, ՀԴ մասնագէտներու համոզմամբ, քաղաքական անկայունութիւնը դարձած է Արեւելեան Եւրոպայի տնտեսական կեանքի բնականոն զարգացումը վտանգող գլխաւոր վտանգներէն մէկը։

«Համավարակի եւ հակամարտութեան յարուցած ցնցումներու թուլացման զուգահեռ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտի, գործարարներու եւ սպառողներու վստահութեան վերականգնման ֆոնին Հարաւային Կովկասի տնտեսական աճը 2021 թուականին կը կանխատեսուի 2,5 տոկոսի սահմաններու շուրջ», – կը պնդեն ՀԴ մասնագէտները։

Անոնց համոզմամբ՝ «կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան նուազման»։

Զեկոյցի հեղինակները նաեւ միջնաժամկէտ կանխատեսումներով հանդէս եկած են նշելով, որ նախնական գնահատականներու համաձայն՝ 2022 թուականին տնտեսական աճի ծաւալները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կարող են հասնիլ 4, 5, իսկ Վրաստանի մէջ՝ 6 տոկոսի։ Նոյն ժամանակահատուածին Ռուսաստանի մէջ տնտեսական աճի ցուցանիշը, ըստ ՀԴ-ին, չի գերազանցեր 3 տոկոսի ցուցանիշը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment