Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սին եւ հիմնազուրկ կ’որակէ Ատրպէյճանի պնդումները, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանի այցը Արցախ, Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտում է։
«Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը որեւէ սահմանափակում չի մտցներ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր մակարդակներու կապերու մասով», պատասխանելով «Ինթըրֆաքս»-ի հարցերուն՝ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան։
«Ամբողջովին սին եւ հիմնազուրկ են: Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը որեւէ սահմանափակում չի մտցնում Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր մակարդակներում կապերի մասով։ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որն ուղղուած էր հրադադար հաստատելուն եւ Արցախ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելուն, չի արձանագրում որեւէ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակի մասով: Եւ այդ տեսակէտից այն բոլոր պնդումները, որ Արցախի կարգավիճակի մասով տեղի են ունեցել փոփոխութիւններ, իրականութեանը չեն համապատասխանում։ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի խաղաղ գործընթացի արդիւնքում՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների կողմից առաջարկուած սկզբունքների, ժողովուրդներին ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ», – ըսած է ԱԳՆ-ի խօսնակը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան Յունուար 5-ին աշխատանքային այցով Արցախ եղած է։ Այվազեանի այցի կապակցութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնած է եւ զայն որակած է սադրանք ու լարուածութիւն հրահրելու փորձ։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակ՝ Լէյլա Ապտուլաեւան այցը անօրինական որակած է եւ յայտարարած, որ այն կը հակասէ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ստորագրած զինադադարի համաձայնագրին։
Հարցին, թէ ինչպէ՞ս հայկական կողմը կը գնահատէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կատարման ընթացքը Ատրպէյճանի կողմէ, Նաղտալեան պատասխանած է․ – «Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան արդիւնքում դադարեցուեցին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, եւ Արցախում տեղակայուեցին ռուս խաղաղապահներ: Միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանական կողմը խախտել է եւ շարունակում է խախտել եռակողմ յայտարարութեան մի շարք առանցքային դրոյթներ»:
Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակի հաղորդմամբ, եռակողմ յայտարարութեան առաջին կէտի համաձայն կողմերը պէտք է կանգ առնեն Նոյեմբեր 10-ի դրութեամբ իրենց կողմէն գրաւած դիրքերուն վրայ եւ աւարտեն ռազմական գործողութիւնները: Մինչդեռ ատրպէյճանական կողմը, ըստ խօսնակին, հրադադարի հաստատումէն աւելի քան մէկ ամիս յետոյ ռազմական գործողութիւններ կատարած է Արցախի Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու ուղղութեամբ՝ պատճառելով մարդկային կորուստներ եւ գերեվարած այնտեղ գտնուող հայ զինծառայողները: ՀՀ ԱԳՆ-ը անդրադարձած է յայտարարութեան այդ կոպիտ խախտման իր Դեկտեմբեր 13-ի յայտարարութեամբ:
Նաղտալեան նաեւ նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը մինչ օրս ամբողջովին չէ կատարած եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որու համաձայն պէտք է տեղի ունենայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձանց փոխանակում: Որու հետեւանքով ազատ չեն արձակուիր հայ ռազմագերիներն ու պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած անձինք:
«Աւելին, ատրպէյճանական կողմը քրէական գործեր է յարուցում հայ ռազմագերիների հանդէպ եւ ամենաբարձր մակարդակով նրանց ներկայացնում է որպէս ահաբեկիչներ՝ փորձելով խոչընդոտել Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարումը», – ըսած է ԱԳն խօսնակը եզրափակելով, որ ատրպէյճանական կողմէն Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան խախտումներու դադարեցումը անհրաժեշտ է եռակողմ յայտարարութեան լիարժէք կատարման համար: